ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կատարուած ցոյցերուն ընթացքին կառավարութեան կողմնակիցներուն եւ հազարաւոր ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներու պատճառով զոհուած է քաղաքացի մը եւ վիրաւորուած են 160 ուրիշներ:

Աւելի ուշ Յորդանանի վարչապետ Մարուֆ Պախիթ իսլամականները մեղադրած է երկրին մէջ խլրտումներ ստեղծելու յանցանքով եւ խոստացած է յաջորդ անկարգութիւնները «ճնշել առաւել դաժան ձեւերով»: Մինչ այդ ընդդիմադիրները Պախիթը կը մեղադրեն մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու յանցանքով:

Նշենք, որ Յորդանանի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին յունուարէն ի վեր: Ցուցարարները կը պահանջեն քաղաքական բարեփոխումներ իրականացնել եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու արդիւնաւէտ միջոցներու դիմել:

Փետրուարին Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը` տեղի տալով բողոքի ցոյցերու, լուծած էր կառավարութիւնը եւ Պախիթի գլխաւորութեամբ նոր կառավարութիւն մը կազմած:

Share this Article
CATEGORIES