ԺՈՄՊԼԱԹ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախագահութեամբ, երէկ Պէյրութի «Պօ Ռիվաժ» պանդոկին մէջ կուսակցութիւնը գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ կուսակցութիւնը կը մերժէ ներլիբանանեան առումով զէնքին օգտագործումը, ինչ որ փաստած է, թէ քանդիչ բնոյթ ունի` միաժամանակ ընդգծելով, որ կուսակցութիւնը նաեւ կը մերժէ Լիբանանը Իսրայէլի դիմաց մերկացնել, այլ խօսքով` Դիմադրութիւնը ապազինել, նախքան Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան շուրջ ազգային համախոհութեան մը գոյացումը:
Կուսակցութիւնը ընդգծեց նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Այս ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շերիֆ Ֆայիատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զէնքին հարցը կարելի է լուծել միայն ազգային հանդարտ երկխօսութեամբ:
Նշենք, որ ընդհանուր ժողովին ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը` անշուշտ կառավարութեան կազմութենէն ետք: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ շարունակել համայնքային, կուսակցական, քաղաքական եւ ազգային այժմու երկփեղկումն ու գժտութիւնը:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան արագ կազմութեան կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ կառավարութեան գոյութիւնը երկրին ապահովութեան ու կայունութեան երաշխիք է, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն մը կը նկատուի լիբանանեան պետական ու ելեւմտական հաստատութիւններուն:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ամէնէն վտանգաւորը անիշխանութիւնն է:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Դիմադրութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել Սուրիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Անդրադառնալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցած իր հանդիպումին` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք Սուրիոյ նախագահին հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով սակայն, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ներքին լիբանանեան հարց է: «Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` գործադրելու համար նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրը, որուն մէջ նշուած է, թէ Լիբանանի ապահովութիւնը Սուրիոյ ապահովութենէն է եւ հակառակը նաեւ ճիշդ է», եզրափակեց տիւրզի ղեկավարը: