ՉՈՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ՏԱՊԱԼՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂՈՂ ՑՈՅՑԵՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԺԻՊԷՅԼԻ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Համայնքային վարչակարգի տապալման կոչ ուղղող Պէյրութի ցոյցը

Համայնքային խտրութիւնը մերժող, անձնաթուղթին մէջ նշուած յարանուանական պատկանելիութեան ջնջումը պահանջող եւ համայնքային վարչակարգին տապալումին զօրակցող կեդրոնական Դ. ցոյցը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ Ժիպէյլի մէջ:

Հազարաւոր ցուցարարներ Ամշիթէն քալեցին մինչեւ Ժիպէյլ` մերժելով Լիբանանի մէջ համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած վարչակարգը:

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պետութիւն մը հիմնելու եւ երկիրը փրկելու համայնքային խտրութենէն:

Միւս կողմէ, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցան նաեւ շարք մը այլ ցոյցեր, որոնք նոյնպէս կը պահանջէին նաեւ համայնքային վարչակարգի տապալումը:

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ցոյցը սկսաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատէն. 500 հոգի հաշուող ցուցարարներու խումբը ուղղուեցաւ դէպի Վերտան եւ անցնելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին առջեւէն հասաւ Այն Թինէ, ուր կը գտնուի խորհրդարանի նախագահին կեցութեան վայրը եւ անցնելով անկէ ուղղուեցաւ Քըրայթեմ, ապա անցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին առջեւէն` ուղղուելով դէպի Քլեմանսօ, ուր կը գտնուի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի բնակարանը, որուն առջեւէն` անցնելով ցուցարարները հասան մինչեւ Մինա Հոսընի մէջ գտնուող հեռաձայնային հաղորդակցութեան միջոցներու «Օժերօ» ընկերութեան կեդրոնը:

Քայլարշաւին ընթացքին ցուցարարները դատապարտեցին փտածութիւնը, համայնքային վարչակարգը եւ բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ ու համայնքային դրութիւնը մերժող արտայայտութիւններ ու կարգախօսներ կրող պաստառներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES