ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐԱԿԱՆ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ

2004 եւ 2005 թուականներէն ի վեր, երբ «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «Աքսա» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ դատական հոլովոյթը աւարտեցաւ` բաւարարելով 37.5 միլիոն տոլարի պահանջը, Ցեղասպանութեան տարիներուն ապահովագրուած անձերու ժառանգորդներուն եւ հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն կատարուած փոխհատուցումները երբեք չեն բացայայտուած:

Վերջին տարիներուն տարակարծութիւններ ծագեցան իրաւաբաններու միջեւ, որոնք միասնաբար երկու ընկերութիւններուն դէմ հայց յարուցած էին: Անցեալ տարի փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանը միջնորդութիւն ներկայացուց դատարան` անկախ կառավարիչ նշանակելու պահանջով, իր երկու գործընկեր դատապաշտպաններ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Քապաթեքի կողմէ կատարուած բաշխումները վերահսկելու նպատակով: Դատաւորը մերժեց Եղիայեանի պահանջը:

Ընթացիկ ամսուան սկիզբը դիրքերը փոխուեցան, երբ իրաւաբաններ Կիրակոս եւ Քապաթեք Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարան հայց յարուցեցին Եղիայեանի եւ անոր կնոջ` Ռիթա Մահտէսեանի դէմ` զանոնք մեղադրելով խարդախութեան եւ հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու համար նախատեսուած շուրջ 1 միլիոն տոլարի չափով ապահովագրական վճարումներ իւրացնելու յանցանքներով: Եղիայեան կտրականապէս մերժեց մեղադրանքները եւ «Տէյլի Ճըռնըլ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, թէ Կիրակոս եւ Քապաթեք «գաղտնաբար աւելի քան 17 միլիոն տոլար կուտակած են փոխհատուցման միջոցներէն» եւ չյաջողեցան «ներկայացնել գումարներու բաշխման հաշուետուութիւնը»:

Համայնքի որոշ անդամներ մտահոգուած էին, որ այս մեղադրանքները կրնան շահագործուիլ թրքական մամուլին կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման պահանջը կասկածի տակ դնելու նպատակով, իսկ ուրիշներ անհանգստացած էին անով, որ արդարօրէն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն պատկանող (նիւթական) միջոցները կրնան ոչ նպատակայնօրէն օգտագործուիլ եւ իւրացուիլ:

Մեկնելով մեր նախնական ուսումնասիրութեան արդիւնքներէն` ստորեւ կը ներկայացնենք, թէ մօտաւորապէս ինչպէ՞ս բաշխուած է «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրական ընկերութեան կողմէ յատկացուած 20 միլիոն տոլար գումարը (առաւել` կուտակուած տոկոսը).

– Շուրջ 9 միլիոն տոլար տրուած է «Նիւ Եորք Լայֆ»ի չհատուցուած 2300 ապահովագրուողներէն 1500-ի ժառանգորդներուն: Մնացած 800 ապահովագրուողներուն ժառանգորդները չեն ներկայացած:

– 4 միլիոն տոլար հաւասարապէս բաշխուած է փաստաբաններ Կերակոսի, Քապաթեքի եւ Եղիայեանի միջեւ, իրենց ընտրութեամբ` բարեգործական կազմակերպութիւններուն յատկացնելու համար:

– Իրաւաբանական ծառայութիւններու վճարումներուն համար 4 միլիոն տոլար յատկացուած է չորս փաստաբաններուն (Կիրակոս, Քապաթեք, Եղիայեան եւ Ուիլիըմ Շերնոֆ), որոնք կը ներկայացնեն հայ հայցուորներուն կողմը` սոյն խմբային դատին մէջ:

– 3 միլիոն տոլար նուիրուած է ինը գլխաւոր հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու:

– Շուրջ 1 միլիոն տոլար ծախսուած է վարչական ծախսերու համար` ապահովագրուողներու ժառանգորդներուն գումարները բաշխելու նպատակով: Արդարեւ, Քալիֆորնիոյ ապահովագրութեան հարցերով յանձնակատարին կողմէ ստեղծուած է երեք անդամէ բաղկացած «Սեթըլմընթ Ֆանտ Պորտ»ը` ստուգելու համար ապահովագրուած զոհերու ընտանիքներէն ողջ մնացած անդամներուն կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթերը:

Մեկնած նմանատիպ նախնական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքներէն` ստորեւ կը ներկայացնենք, թէ մօտաւորապէս ինչպէ՞ս բաշխուած է «Աքսա» ընկերութեան կողմէ յատկացուած 17.5 միլիոն տոլար գումարը (առաւել` կուտակուած տոկոսը).

– Շուրջ 8.5 միլիոն տոլար տրուած է «Աքսա» ընկերութեան 11 հազար ապահովագրուած անձերուն անյայտ թիւով ժառանգորդներուն:

– 3 միլիոն տոլար երեք փաստաբաններուն կողմէ յատկացուած է Ֆրանսայի հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն:

– 3 միլիոն տոլար յատկացուած է այս խմբային դատին մէջ հայ հայցուորները ներկայացնող երեք փաստաբաններուն (Կիրակոս, Քապաթեք եւ Եղիայեան)` անոնց իրաւաբանական ծառայութիւններու վճարումները փակելու համար:

– 2.85 միլիոն տոլար հաւասարապէս բաշխուած է փաստաբաններ Կիրակոսի, Քապաթեքի եւ Եղիայեանի միջեւ` իրենց ընտրութեամբ բարեգործական կազմակերպութիւններու յատկացնելու համար:

– 150 հազար տոլար (կրնայ ըլլալ աւելին) յատկացուած է վարչական ծախսերու` ապահովագրուած անձերու ժառանգորդներուն կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթերը ստուգելու կապակցութեամբ:

Անհրաժեշտ է նշել, որ դաշնակցային դատաւոր Քրիսթինա Սնայտըրի կողմէ հաստատուած Փոխհատուցման համաձայնագիրով կը յանձնարարուի բարեգործական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ «Նիւ Եորք Լայֆ» ընկերութենէն նիւթական միջոցներ ստանալու օրէն մինչեւ վեց ամիս երկարող ժամանակամիջոցին պէտք է դատարան ներկայացնեն այս հատուցումները ծախսելու մասին համապարփակ հաշուետուութիւն: Յայտնի չէ, թէ արդեօք պահանջուող հաշուետուութիւնները ներկայացուեցա՞ն գումարները ստացողներուն կողմէ: Փոխհատուցման համաձայնագիրին մէջ նշուած է նաեւ, որ Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազը իրաւունք ունի պահանջելու այս դրոյթներուն կատարումը, եւ խախտումներու պարագային` դատական գործ յարուցելու:

«Աքսա» ընկերութեան պարագային, Փոխհատուցման համաձայնագիրով կը պահանջուի, որ բարեգործական կազմակերպութիւնները, վեց ամսուան ընթացքին, հաշուետուութիւն ներկայացնեն հայցուորներուն եւ «Աքսա»ի փաստաբաններուն` իրենց ստացած գումարներուն օգտագործման մասին:

Լոս Անճելըսի գերագոյն դատարանը այժմ կարելիութիւն ունի վերատեսութեան ենթարկելու փաստաբաններ Կիրակոսի եւ Քապաթեքի կողմէ Եղիայեանին եւ Ռ. Մահտէսեանին դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները` որոշելու համար, թէ արդեօք ապահովագրական հատուցումներուն գումարները նպատակային կերպով օգտագործուա՞ծ են: Մինչ այդ, ոչ ոք պէտք է որեւէ եզրակացութիւն կատարէ ներգրաւուած կողմերէն ոեւէ մէկուն մեղաւորութեան կամ անմեղութեան մասին:

Իրաւական պահանջներէ անկախ, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք երկու ապահովագրական ընկերութիւններուն հետ կնքուած համաձայնագիրներէն դրամական միջոցներ ստացած են, ունին բարոյական պարտք` հայ համայնքին բացայայտելու իրենց ստացած եւ ծախսած գումարներուն չափերը: Նմանապէս, երեք փաստաբանները պէտք է հրապարակեն բոլոր այն փոխհատուցումները, զորս անոնք կատարած են կազմակերպութիւններուն: Աւելի՛ն. երեք փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ «Սեթըլմընթ Ֆանտ Պորտ»ի երկու մարմիններուն եւ անոնց աշխատակազմի տնօրէնութեան տակ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին կատարուած վճարումներուն, պէտք է պահպանուին մինչեւ դատական  այս հոլովոյթին աւարտը:

Այն մարդիկ, որոնց վստահուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն պատկանող գումարները, ունին սուրբ պարտականութիւնը` այդ գումարներուն գծով մեծ զգուշաւորութեամբ եւ խնամքով վերաբերելու: Նման վերաբերմունք չցուցաբերելու պարագային, անոնք արժանի պիտի ըլլան դատապարտուելու ամբողջ աշխարհի խղճամիտ մարդոց կողմէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի հրատարակիչ
եւ գլխաւոր խմբագիր

 

 

Share this Article
CATEGORIES