«ԱԶԴԱԿ» Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ ՀԵՐՔՈՂ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ
«Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ պատկերասփռեց զրոյց մը` Պատմական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց «Մաքրիզի» կեդրոնի տնօրէն Հանի Սիպահիի հետ:
Սիպահի ոչ միայն հերքեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ հաղորդեց պատմականօրէն անճիշդ տեղեկութիւններ եւ խեղաթիւրեց բազմաթիւ փաստեր:
«Ազդակ» ընդվզում եւ բողոք արտայայտող բազմաթիւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ այս առնչութեամբ: Մեր ընթերցողներուն կը յայտնենք, որ տակաւին մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնանք այս հաղորդումին:
Վստահ ենք, որ համապատասխան մարմիններ եւ յանձնախումբեր անպայման պիտի անդրադառնան եւ համապատասխան բողոքը արձանագրեն համայն հայութեան արժանապատուութիւնը խոցող այս երեւոյթին դէմ:
CATEGORIES Գաղութային