ԹՈՒՐՔ ՄԱՐՔՍԱԿԱՆՆԵՐԸ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԵՆ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱԿԱՆԱՀԱՐՄԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդյատակեայ Մարքս-լենինեան համայնավար կուսակցութիւնը ստանձնած է 5 յունուարին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Քարթալի շրջանի գրասենեակին դիմաց պայթումի կազմակերպումը:

Մարքս-լենինեան համայնավար կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ պայթումը կազմակերպած են իբրեւ բողոք Տիգրանակերտի մէջ երկու քիւրտ զինեալներու սպանութեան եւ թրքական օդուժին կողմէ 35 քիւրտ գիւղացիներու կոտորածին դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES