ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՀԵՏ ԼՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆՔ»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ յայտնեց, որ ինք լուրջ երկխօսութեան մը պիտի սկսի Հըզպալլայի հետ` քննարկելու համար բոլոր հարցերը, որոնց շրջագիծին մէջ` նաեւ զէնքի թղթածրարը:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան այսօր իշխանութեան եւ կառավարութեան տագնապ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ երկրին կարիքները շատ են:

Պքերքէի մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ իրենք համաձայն են ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյացնեն բոլոր լիբանանցիները:

Այլ գետնի վրայ, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յղած է հրաւէր մը` այցելելու Պքերքէ:

 

Share this Article
CATEGORIES