Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻՒՖԹԻ ՔԱՊՊԱՆԻԻՆ

Միւֆթի Քապպանի եւ նախարար Մանճեան

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Քապպանիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Փ. Մանճեան յայտնեց, որ այդ հանդիպումին նպատակն էր ծանօթանալ միւֆթիին հետ:

Պետական նախարարը աւելցուց նաեւ, որ երկրին կացութիւնը բացառիկ է` մաղթելով, որ կառավարութիւնը կարենայ իրականացնել իր ծրագիրները:

Նախարար Մանճեան յոյս յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին կարենայ ամբողջացնել պետական նշանակումները:

Պատասխանելով երկրին ապահովական կացութեան առնչուած մտավախութիւններուն վերաբերող հարցումի մը` Փ. Մանճեան յայտնեց, որ ինք մտահոգ չէ, որովհետեւ գիտէ, որ լիբանանցիները զգաստ են եւ կը գիտակցին, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ երկրին մէջ ապահովական անկայունութեան ստեղծումը:

 

Share this Article
CATEGORIES