ՄԱՆՍՈՒՐ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԼԻՊԻԱ
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր այսօր պիտի մեկնի Լիպիա` հետապնդելու համար անյայտացած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը: Մանսուրի պիտի ընկերակցին իմամ Մուսա Սատըրի զաւակը` Սատրէտտին Սատըր եւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, որ իմամ Մուսա Սատըրի հետ անյայտացած ընկերակիցներէն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի զաւակն է:
Կը նախատեսուի, որ Լիպիոյ մէջ քննարկուին Լիբանան-Լիպիա երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Նշենք, որ երէկ Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Արաբական երկիրներու ներկայացուցիչ-տնօրէն Ապտել Մենեմ Մոհամետ Օսմանը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
CATEGORIES Լիբանանեան


