ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՄԼՈՅ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի:
Անդրադառնալով արաբական կացութեան` Պըրրի յայտնեց, որ կարեւորը այն է, որ Լիբանան ինքզինք զանց առնէ արաբական զարգացումներէն: Ան նշեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները մտավախութիւններ կը պատճառեն` աւելցնելով, որ պէտք չէ ստեղծել այնպիսի կացութիւններ, որոնք ազատութիւն կը ներշնչեն եւ Իսրայէլի ու անոր ապահովութեան չեն սպառնար, որպէսզի մէկ բանտէն միւսը փոխադրուած չըլլանք:
Սուրիոյ կացութեան ակնարկելով` Պըրրի ըսաւ, որ Սուրիոյ իրավիճակը բոլորէն տարբեր է` նկատել տալով միաժամանակ, որ կան վտանգներ, որոնք կը սպառնան Սուրիոյ. ան մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ արաբական նախաձեռնութիւնը յաջողութիւն արձանագրէ:
Լիբանանի ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` Պըրրի շեշտեց համամասնական դրութեան հիման վրայ օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը:
Ան աւելցուց, որ քարիւղի պեղումը Լիբանանի համար լուրջ մարտահրաւէր է` ընդգծելով, որ ինք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ պիտի արծարծէ այդ թղթածրարը:


