ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ԿՈՅՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՋՈՒՐԻ ԶՏԱՐԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Քարանթինա – Պուրճ Համուտ շրջաններուն մէջ կոյուղիներու տագնապը` կոյուղիներու ջուրերու զտարանի կառուցման ընդմէջէն:

Նշենք, որ կառուցուելիք այդ զտարանը պիտի զտէ Պէյրութի հիւսիսային բաժինի եւ Մեթնի հարաւային բաժինի կոյուղիներէն հասնող ջուրերը:

 

Share this Article
CATEGORIES