ՕՀԱՆԵԱՆ. «ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԸ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ 2012-Ի ԳԵՐԱԿԱՅ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ Է»
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին նախարար Սէյրան Օհանեան ներկայացուց զինեալ ուժերու 2012-ի գերակայ խնդիրները եւ հիմնական ընելիքները:
Նախարար Օհանեան առանձնացուց ռազմակրթութեան, զինուորական արդիւնաբերութեան եւ զինեալ ուժերուն մէջ կարգապահութեան բարձրացման խնդիրները:
Ան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի ստորաբաժանումներու այն աշխատակիցներուն, որոնց պատշաճ ծառայութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուեցան զինեալ ուժերու 2011-ի յաջողութիւնները:
Նախարարին հրամանով, օրինակելի ծառայութեամբ աչքի ինկած զինուորները եւ քաղաքացիական ծառայողները արժանացան նախարարութեան մետալներուն եւ պատուոյ գիրերուն:
Նախարար Սէյրան Օհանեան բարձր գնահատեց նաեւ նախարարութեան մնայուն կերպով գործող մասնագիտական յանձնախումբի աշխատանքները եւ յանձնախումբի նախագահ, պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Վահրամ Բարսեղեանը պարգեւատրեց մարաջախտ Բաղրամեանի մետալով: