ԸՍՏ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՍԱՐՔՈԶԻ ՄՏԱԴԻՐ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ԱՄԲՈՂՋ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆԵԼ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի մտադիր է եւրոպական բոլոր երկիրներուն առաջարկել քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:
Թրքական օրաթերթը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը գրէ, որ Սարքոզի առաջարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին սկզբունքային համաձայնագիր ստորագրել Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն միջեւ:
«Հիւրրիյէթ» կը յիշեցնէ, որ Եւրոպական Միութեան արդարադատութեան եւ ներքին գործերու խորհուրդը 2007-ին որդեգրած էր «ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ պայքար»-ի մասին սկզբունքային որոշում մը, որ պատիժ կը սահմանէ նաեւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը` Ողջակիզումը ժխտելուն դէմ:
«Ֆրանսա հիմա ալ մտադիր է Եւրոպական Միութեան օրակարգին մէջ ներառել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը», կը գրէ օրաթերթը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Անգարա իր դեսպանը Փարիզէն տուն կանչեց, սակայն Պուրճուօղլու կիրակի օր Փարիզ վերադարձաւ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրման դէմ լոպիինկ կատարելու համար: