ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը, երէկ զետեղած իր լուրերով, կ՛անդրադառնայ հայրենի ֆութպոլիստներուն:
Կայքէջը կը նշէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Ռոմիկ Խաչատրեան այժմ կը մարզուի Լոքոմոթիւ Թաշքենտի հետ:
Ուզպէք ակումբի մարզիչ Խորէն Յովհաննիսեան այժմ լաւապէս կը հսկէ տեղի ունեցող փորձերուն:
Նշենք, որ անոր զաւակը եւս` Ժորա, մաս կը կազմէ ակումբին:
Այլ լուր մը փոխանցելով` հայկական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքէջէն ի յայտ եկած է, որ Արամ Յովսէփեանէն եւ Խորէն Մանուչարեանէն բացի, ակումբէն հեռացած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականին բերդապահը` Կարէն Իսրայէլեան: Ան այժմ կը գտնուի Մոսկուա:
Վերջապէս, կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի երիտասրդներու հաւաքականի միջնապահ Մասիս Ոսկանեան, որ մաս կը կազմէ պելճիքական Ռուզելաարի (Բ. դասակարգ), նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերած է Շարլուայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին` ամբողջ 90 վայրկեան: Մրցումը աւարտած է անոր կազմին պարտութեամբ` 4-0 արդիւնքով: