ԱԲՐԱՀԱՄ ԽԱՇՄԱՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՀԵՏ
Հայկական armsport.am լրատուական կայքէջը` մէջբերելով Գանձասար Կապանի մամլոյ քարտուղար Աշոտ Ասատրեանի խօսքերը, կը հաղորդէ, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան 2012 տարեշրջանին եւս պիտի մնայ իր կազմին հետ, որուն հետ 2011 տարեշրջանը աւարտած էր երրորդ դիրքին վրայ:
Նախորդ տարեշրջանի աւարտէն ետք, Խաշմանեան երկար ժամանակ բանակցութիւններ կը վարէր ակումբին ղեկավարութեան հետ, որովհետեւ անոր պայմանագրութիւնը աւարտած էր: Ամանորեան արձակուրդէն ետք, ի վերջոյ, երկու կողմերը եկան ընդհանուր յայտարարի:
Կը կարծուի, որ մօտ օրէն խումբը ժամանէ Երեւան եւ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսի Աւանի Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
CATEGORIES Մարզական


