ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ. ՌԻՔ ՍԱՆԹՈՐՈՒՄ

Ռիք Սանթորում անունը բոլորին շուրթերուն վրայ է, Այովայի մջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուի ընտրութեան մէջ Միթ Ռոմնիի տարած ամէնէն նուազ տարբերութեամբ յաղթանակէն ետք:

Արդարեւ, միայն 9 քուէներ արգելք եղան Ռիք Սանթորումի, որպէսզի անհաւանական յաղթանակ նուաճէ Այովայի մէջ, Հանրապետական կուսակցութեան երկրի նախագահի թեկնածուի համար ներքին ընտրութիւններուն:

Ուրեմն, ի՞նչ է անոր դիրքորոշումը, եւ կը դիմանա՞յ երկար վազքին:

Միայն քանի մը շաբաթ առաջ կ՛ենթադրուէր թէ Փենսիլվանիայէն նախկին ծերակուտական Ռիք Սանթորում ծանր պարտութիւն կը կրէ: Սակայն, հարցախոյզերուն մէջ անոր արդիւնքը աճ արձանագրեց, որուն հետեւեցաւ ընտրութեան մէջ երկրորդ դիրքը, առաջատար միթ Ռոմնիի շատ մօտ:

Ճիշդ կէս գիշերէն ետք արտասանուած ճառով մը, որ հաւանաբար առաջին անգամ զինք ծանօթացուց բազմաթիւ մարդոց, Սանթորում իր կողմնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց:

«Համարձակ եւ առաջատար կանգնելով, շալկելով բեռն ու պատասխանատուութիւնը` առաջատարը ըլլալու, դուք առաջին քայլը առիք այս երկիրը իր դիրքին վերադարձնելու», ըսաւ Սանթորում, որ կը ներկայացնէ Հանրապետական կուսակցութեան ընկերային-պահպանողական թեւը:

Ասիկա խումբ մըն է, որ դրսեւորած, ցոյց տուած է իր դժգոհութիւնը չափաւորական առաջատար Ռոմնիի հանդէպ, ամիսներ անընդհատ իր հաւատարմութեան դիրքերը փոխելով այսպէս կոչուած ոչ-Ռոմնիի թեկնածուներուն մէջ:

Սանթորումի ծրագիրը

  • Տնտեսութիւն.– Արտադրութեան վրայ զերօ առ հարիւր տուրք
  • Առողջապահութիւն.– Ջնջել Օպամայի բարեփոխումները
  • Ներգաղթ.- Պատժել գործարարները, որոնք ապօրինի ներգաղթածներ կը վարձակալեն
  • Վիժում.- Բոլոր պարագաներու հակառակիլ
  • Միասեռականներու զինուորական ծառայութիւն.– Կտրականապէս ընդդիմանալ
  • Արտաքին քաղաքականութիւն.– Յարձակիլ Իրանի վրայ, եթէ չբաւարարէ իր պահանջները

Բայց մինչ Մասաչուսեցի նախկին կառավարիչ Ռոմնի ունի բազմամիլիոն տոլարանոց նախընտրական քարոզչական մեքենայ, Սանթորումի կազմակերպութիւնը համեմատաբար աւելի նուազ, համեստ գումարով կը կառավարուի:

Իտալացի հօր եւ իրլանտա-իտալական ծագումով մօր զաւակ` Ռիք Սանթորում ծնած է Վիրճինիա եւ հասակ առած` Փենսիլվանիոյ կապտամանեակ քաղաք Պաթլըրի մէջ:

Սանթորումի կաթոլիկ ծնողները աշխատած են տեղւոյն հիւանդանոցին մէջ, ուր իր մայրը հիւանդապահուհի էր:

Ռիքին եղբայրը անգամ մը ըսած է, որ մանկութեան առանցքային, հիմնական դասերէն մէկը, որ իրենց հոգեկան հայրը սորվեցուցած է, դրական մտածելն է:

Ըստ անոր, իբրեւ երեխայ` Ռիք մրցակցային խոր շերտ մը ունէր, որ ակնյայտ էր, երբ պէյսպոլ, ճատրակ կամ այլ խաղեր կը խաղար:

Փենն պետական համալսարանէն քաղաքական գիտութիւններու աստիճանով շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Սանթորում տնտեսագիտութիւն, ապա իրաւաբանութեան մագիստրոսի աստիճաններ ստացած է:

«Կրնաք համաձայն չըլլալ իրեն հետ, բայց ինք հետեւողական է եւ պնդող, յարատեւող»
Թերրի Մատոննա, Փենսիլվանիա համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս

Թերրի Մատոննա, որ երեսուն տարիէ Փենսիլվանիա համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս է, Ռիք Սանթորումի առաջին անգամ հանդիպեցաւ 1980-ականներուն, երբ ան կ՛աշխատէր հանրապետական ծերակուտականի մը համար:

«Ան հզօր կամք ունէր, գիտէր, թէ ի՛նչ էր ինք եւ ի՛նչ կ՛ուզէր նուաճել: Երբեմն իր ըսածն ու ըրածը սահմանակից էր գոռոզութեան, յոխորտանքի, բայց Ռիք ամուր, հաստատ սկզբունքներ ունէր:

«Կրնաք համաձայն չըլլալ իրեն հետ, բայց ինք հետեւողական է եւ պնդող, յարատեւող: Ան կեղծաւոր մը չէ»:

Հազիւ 32 տարեկան էր, երբ Սանթորում Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուեցաւ 1990-ին եւ չորս տարի ետք նուաճեց Փենսիլվանիոյ ծերակոյտի աթոռը, որ 12 տարի պահեց` շահելով տոկուն պահպանողական քաղաքական գործիչի անուն: Այդ միջոցին իր դէմ հրահրեց քննադատութիւններ` միասեռականներու իրաւունքներուն ուժգին ընդդիմանալուն համար:

2005 թուականին «Թայմ» ամսագիրը 7 զաւակներու հայր Ռիք Սանթորումը ներառեց Ամերիկայի 25 ամէնէն ազդեցիկ աւետարանականներու ցանկին մէջ: Բայց տարի մը ետք ան կորսնցուց իր աթոռը, եւ վերադարձաւ փաստաբանութեան` միաժամանակ պատրաստուելով վերադառնալու քաղաքական բեմ:

ՄՈՒՐՏՈՔԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

Այովայի հանրապետական նախընտրական մրցումը շատ լուսարձակներ չկեդրոնացուց Սանթորումի վրայ` իբրեւ իրաւայաջորդը անոնց, որոնք կը նկատուին ընկերային-պահպանողականներու ջահակիրները:

Ատիկա այժմ պիտի փոխուի, եւ ան կրնայ ակնկալել առաջատար ըլլալու պատճառով իր վրայ կեդրոնանալիք ուշադրութիւն:

Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ան պէտք է շատ աւելի դրամ գոյացնէ մրցելու համար Միթ Ռոմնիի հետ:

Ան չի կրնար Նիւ Հեմփշայրի եւ Հարաւային Քարոլայնայի յարմարցնել այն կեդրոնացումը, որ կիրարկած էր Այովայի մէջ, ուր ան ծանր աշխատանք տարաւ` խօսք առնելով աւելի քան 350 նախընտրական հաւաքներու ընթացքին:

Բայց դրամն ու աջակցութիւնը կրնան գալ, եւ ան արդէն ունի Ռոպերթ Մորտոքի նեցուկը:

Այովայի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութենէն առաջ հաղորդամիջոցներու ազդեցիկ ինքնակալ եւ «Ֆոքս Նիւզ»-ի սեփականատէր Մուրտոքը իր նոր Թուիթըր-ին միջոցով իր զօրակցութիւնը տուաւ` գրելով. «Կարելի չէ դիմանալ, դիմադրել այս ճռուողիւնին` «թուիթ»-ին, բայց բոլոր այովացիները Ռիք Սանթորումի մասին կը մտածեն: Միակ թեկնածուն, որ երկրին համար իրական մեծ տեսլական ունի»:

Սակայն փրոֆ. Մատոննա, որ Ռիք Սանթորումի հետ յաճախակի հանդիպումներ ունեցած է տարիներու ընթացքին, կը կասկածի, որ Այովայէն ստացուած թափը բաւարար ըլլայ:

«Ես չեմ կարծեր, որ Սանթորում պիտի դիմանայ, տեւէ: Սակայն ասիկա նախընտրական այնպիսի տարի մը եղաւ, որ մենք բոլորս ալ ունինք զգացում մը, թէ ամբողջովին չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի:

«Ոչ ոք անկէ աւելի պիտի աշխատի: Եւ մենք տակաւին պէտք է տեսնենք, որ երկրորդ հանդիսանալը արդեօք դրամի հոսք պիտի բերէ՞»:

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»

 

Share this Article
CATEGORIES