«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ՅԱՅՏԱԳԻՐԻՆ ԴԷՄ
«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը երէկ ընդարձակ անդրադարձով մը հակազդեց նախանցեալ օր «Էյ. Էն. Պի.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտագիրի սփռումին եւ բանավիճային նոյն յայտագիրին ընթացքին օրուան հիւրին` Հանի Սիպահիի արտայայտած հակահայ կարծիքներուն, որոնց միջոցով իրականութենէն հեռու եւ ապառողջ վերլուծում կը ներկայացուէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
«Ազդակ-ի արաբերէն կայքէջին խմբագիրը` հիմնուելով արաբական պատմագիտական աղբիւրներուն վրայ, մանրամասն փաստեր եւ տուեալներ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան մասին: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջին անդրադարձին մէջ կատարուած մէջբերումները գլխաւորաբար կը վերաբերէին Հայոց ցեղասպանութեան արաբ հիմնական ականատեսներէն փաստաբան Ֆայեզ Ղոսէյնի եւ ժամանակակից այլ աղբիւրներու, արաբական թերթերու հրապարակումներու:
http://aztagarabic.com/?p=3711

