«ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԻՐԱՔԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՎԱՂԱԺԱՄ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումը վաղաժամ էր:

Էրտողան Անգարայի մէջ Նորվեկիոյ վարչապետ Եանս Սթոլթենկպերկի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Իրաքի մէջ ժողովրդավարական վարչակարգի հաստատման համար տարիներ պիտի պահանջուի, եւ կայուն պետութեան կայացման համար ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը տակաւին անհրաժեշտ էր»:

Ան նաեւ շեշտեց, որ նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու փոխնախագահը զգուշացուցած են այդ քայլին սխալականութեան մասին:

Ըստ Թուրքիոյ վարչապետին, Իրաքի մէջ ներկայիս շատ բարդ  իրավիճակ է, եւ այնտեղ «որեւէ պահու միջկրօնական տագնապներ կրնան ծագիլ»:

Էրտողան մտադիր է իրաքեան հարցերու լուծման մէջ ներգրաւել նաեւ Իրանը:

 

Share this Article
CATEGORIES