ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԴԷՊՔ ՄԸ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ 52-ԱՄԵԱՅ ՅՈՐԴԱՆԱՆՑԻ ՄԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀՐԿԻԶԵՑ
Յորդանանի մէջ աննախադէպ քայլով մը, 52-ամեայ յորդանանցի մը մահացաւ, երբ երեքշաբթի գիշեր կեդրոնական Ամմանի մէջ տնտեսական հարցերու պատճառով ինքզինք հրկիզեց:
Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան գրասենեակը հաղորդեց, որ Ահմետ Մաթարինա երկուշաբթի ուշ գիշերին ինքզինք հրկիզած է, ապա դարմանումի համար հիւանդանոց փոխադրուած է, սակայն երեքշաբթի գիշեր մահացած է:
Անոր ընտանիքը յայտնեց, որ Մաթարինա 22 տարի գրասենեակի մը մէջ պաշտօնավարելէ ետք անցեալ յուլիսին հանգստեան կոչուած է եւ տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, մանաւանդ որ 15 անդամներէ բաղկացած ընտանիք մը ունի: Ընտանիքը նաեւ նշեց, որ Մաթարինա նախապէս երկու անգամ փորձած է արքունիքին առջեւ անձնասպանութիւն գործել:
CATEGORIES Միջազգային

