ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դրուատեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճառը` շեշտելով, որ ան ուղղած է արաբական քաղաքական գործունէութեան կողմնացոյցը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ փոթորիկ մը պիտի հարուածէ Լիբանանը եւ պիտի պատճառէ տեղատարափ անձրեւներ, իսկ ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը պիտի լուծուի խաղաղ եւ քաղաքական միջոցներով: Ան նշեց, որ իրեն համար աննախատեսելի է, որ սուրիական վարչակարգը զինուորական գործողութեամբ տապալի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն հանդիպելէ ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին հետ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է եւ օր մը օրանց չէ կասեցուած:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Շէյխ Ամմար նշեց, որ Ժամաա Իսլամիէն երբեք պիտի չթերանայ իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին գոյութեան դրդապատճառը պաղեստինեան զէնքին գոյութիւնն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պշարա Մըրհեժ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը գուժեցին 1960-ի ընտրական օրէնքին մահը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու շահերուն կը ծառայէ Լիբանանը Սուրիոյ քանդումի անցքի մը վերածելը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը պիտի շարունակէ երկրին վարչակարգին դէմ իր յեղափոխութիւնը, մինչեւ որ տապալէ այդ վարչակարգը»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է վստահիլ օրէնսդիրներու կարծիքին` մշակելու համար աշխատավարձերու յաւելման նոր ծրագիր մը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Պքերքէ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մօտեցնելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի տեսակէտները` Դատական իշխանութիւններուն գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնի թեկնածուին շուրջ»:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Հարիրի մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընին` լիբանանեան բանակը տեղակայելու հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի համագործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը նիստի հրաւիրեց յառաջիկայ հինգշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր քննարկեց նաւահանգիստին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զայն բարեկարգելու ապագայ ծրագիրները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES