ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի մարզին վերաբերեալ նախարարութեան մշակած ծրագիրներն ու անոնց գործադրութեան կարելիութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան աշխատանքները բարեկարգելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի պանդոկներու սեփականատէրերու նոր սենտիքան` նախագահութեամբ սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պանդոկներու մարզին աշխատանքը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք սենտիքային կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը ապահովական, ընկերային եւ քաղաքական կայունութիւն կ՛ապահովէ երկրին:

Share this Article
CATEGORIES