ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳԵՑ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան նորագոյն զարգացումները:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 48 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին սկիզբը նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան յաւելեալ նիստերու գումարումը` ամբողջացնել կարենալու համար Ա. եւ Բ. կարգի պետական պաշտօնեաներուն նշանակումը:
Նախագահ Միշել Սլէյման նաեւ կարեւոր նկատեց աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարի վերջնական վաւերացումը ամէնէն մօտիկ ապագային: Ան նաեւ շեշտեց պետական պիւտճէի նախագիծին քննարկումը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչ որ նոյնպէս կ՛ենթադրէ կառավարութեան յաւելեալ նիստերու գումարում: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութեան քննարկելու ընտրական օրէնքը եւ համապատասխան նախարարութիւններուն թելադրեց պատրաստուիլ նախատեսուող փոթորիկին ու պէտք եղած միջոցառումներուն դիմել:
Կառավարութիւնը վաւերացուց ընթացիկ կարգ մը օրինագիծեր եւ ծրագիրներ: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի խնդրանքով յետաձգուեցաւ դիւանագիտական նշանակումներու թղթածրարին քննարկումը, որպէսզի այդ նշանակումները կատարուին ամբողջական ծրարի մը հիման վրայ:
Նշենք, որ կառավարութիւնը զանց առաւ նաեւ պետական նշանակումներուն քննարկումը, ինչպէս նաեւ չքննարկեց աշխատավարձի սրբագրման թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը: