ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ԱՆԹՈՆԻ ԿԵՐՏԵՑ ՆԻՔՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Քարմելօ Անթոնի

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցած վեց մրցումներուն չորսին յաղթանակ արձանագրեցին հիւրընկալ կազմերը:

Անոնց կարգին եղաւ նաեւ Նիւ Եորք Նիքս, որ չորս կէտի տարբերութեամբ` 91-87 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շարլոթ Հոռնեթցը:

Նիքսի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Քարմելօ Անթոնի, որ իր 22 կէտերէն 8-ն նշանակեց մրցումին վերջին երեք վայրկեանին: Անոր խմբակից Ամարէ Սթուտեմիրէ նշանակեց 25 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 96-86
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 97-87
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Աթլանթա Հոքս 101-106
Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց 91-87
Շիքակօ Պուլզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 92-68
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ 81-94

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տալաս Մավըրիքս
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Շիքակօ Պուլզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի
Եութա Ճեզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ

Share this Article
CATEGORIES