ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒ. 161 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԶՏՈՒՄԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Քֆարզըպիանի շրջանին մէջ տեղի ունեցան փոքրերու զտումի ախոյեանութեան մրցումները Ա. եւ Բ. կարգերուն մէջ` մասնակցութեամբ 161 երկսեռ մարզիկներու, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը:
Այս մրցումներուն ներկայ էր Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էտմոն Քէյրուզ:
Իւրաքանչիւր մրցումի ազդանշանը տուող գլխաւոր իրաւարարն էր Սագօ Դարբինեան:
Այս զտումի ախոյեանութեան աւարտին առաջին երեք դիրքերը գրաւողները ֆետերասիոնին անդամներէն ստացան իրենց մետալները:
CATEGORIES Մարզական

