ՏՈՆԱՏՈՆԻ ՎԵՐՍՏԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐՄԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉ

Ռոպերթօ Տոնատոնի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ռոպերթօ Տոնատոնի վերստին նշանակուեցաւ Քալչիոյի կազմերէն Փարմայի մարզիչ:

Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ Տոնատոնի, որ 2006-2008-ին խումբին մարզիչն էր, պիտի փորձէ իր կազմին հետ լաւ արդիւնք արձանագրել եւ արգելք հանդիսանալ անոր Բ. դասակարգ փոխադրուելուն:

Ան նախապէս եղած է նաեւ Նափոլիի եւ Քալիարիի մարզիչ:

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին, երբ Փարմա ճակատի Սիենայի դէմ:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Փարմա 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Ինթեր Միլանէն:

Share this Article
CATEGORIES