ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2011, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին Յարութիւն սրկ. Շերնեզեան (Դ. ընծայարան) ներկայացուց Հայաստան կատարած իր ճամբորդութեան տպաւորութիւնները:

Տիրացուն Հայաստան գտնուած էր մէկ ամիս` 25 յունիսէն 25 յուլիս 2011: Ան ընդգծեց, թէ Հայաստանը ներշնչարան մըն է հայուն համար: Ան ըսաւ. «Այս այցելութենէս ետք աւելի հասկցայ, թէ ինչո՛ւ մեր գրագէտներն ու երգահանները դարերու ընթացքին գովերգած են Մայր Հայաստանը»:

Ապա ան անդրադարձաւ սրբավայրերուն` Ս. Էջմիածնի գլխաւորութեամբ, եւ` մշակութային կեդրոններուն, ուր ներշնչուած եւ ստեղծագործած են մեր եկեղեցական հայրերն ու գրողները:

Դասախօսութեան ընթացքին ան զանազան հարցեր շօշափեց եւ առաւելաբար խօսեցաւ ժողովուրդին Հայ եկեղեցիէն ունեցած սպասումներուն մասին, մանաւանդ` աղանդաւորական շարժումներուն դիմաց, որոնց աճը օրէ օր աւելի աւերիչ կը դառնայ:

Ան իր դասախօսութիւնը աւարտեց` եզրակացնելով. «Ներկայիս մենք պէտք ունինք այնպիսի պետութեան մը, որ լաւապէս ըմբռնէ թէ՛ հայրենիքի ժողովուրդին եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան ձգտումները եւ ըստ այնմ աշխատի»:

Երեկոյի փակման խօսքը կատարեց Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան: Հսկիչ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Յարութիւն սարկաւագին իր խնամեալ դասախօսութեան համար, հաստատեց, թէ հայրենիքը իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ անփոխարինելի տեղ ունի, եւ այդ իսկ պատճառով բոլորս ալ բծախնդիր ենք մեր հայրենիքին հանդէպ եւ տանտիրոջ գիտակցութեամբ կը վարուինք անոր հետ:

Յայտնենք, թէ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր, դպրեվանք այցելեց Մանուէլ Մանոնել (տնօրէն Խաղաղութեան մշակոյթի հիմնարկի, Պարսելոնա, Սպանիա), որ Անթիլիաս եկած էր մայրավանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար միջազգային համագումար մը կազմակերպելու: Հիւրին կ՛ընկերանար Թենի Սիմոնեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ, Ժընեւ, Զուիցերիա):

Share this Article
CATEGORIES