ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ ՀԵՏ «ՔԻՉ ԲԵՌՑԻՐ, ՇՈՒՏ ԴԱՐՁԻՐ»

Ռ. Հ.

«Որքան քիչ սիրես, այնքան քիչ կը ցաւիս», ըսած էր մեր առածը եւ ես ալ մտածած էի, որ ատիկա բոլորովին ճիշդ չէր: Ճիշդ է, որ սէրը կը ցաւցնէ, բայց նաեւ կ՛երջանկացնէ: Կ՛արժէ, որ քիչ մը ցաւ քաշենք սիրելու երջանկութեան համար:

Վերինին կը նմանի նաեւ սա առածը, զոր կը քաղեմ մեր ժողովուրդին իմաստութեան տետրակին մէջէն: «Քիչ բեռցիր, շուտ դարձիր»: Ըսել կ՛ուզէ. չափէն աւելի ծանր բեռան տակ մի՛ մտներ, որպէսզի շուտ երթաս ու շուտ վերադառնաս:

Դէպի հազար կողմ կրնամ քաշել այս առածը ու կրնամ այլազան հետեւութիւններ հանել: Անշուշտ որ իմաստութիւն կայ ըսուածին մէջ: Եթէ բեռ պիտի շալկես, ուժերդ լաւ չափէ, ուժերուդ համաձայն շալկէ, նոյնիսկ քիչ մը պակսեցուր, ուժդ ամբողջութեամբ մի՛ ծախսեր, թեթեւ եղիր, ոտքդ ազատ թող ըլլայ, մէջքդ ամուր, ձեռքդ հանգիստ: Այն ատեն դուն աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք կու տաս: Եւ ասիկա միայն քեզի համար չէ: Օրինակ, գիւղացին լաւ կ՛ընէ, եթէ իր իշուն վրայ չափէն աւելի ծանր բեռ չդնէ, կամ իր սայլին մէջ լեցնէ այնքանը միայն, որքանը կրնայ քշել: Շարժավարը լաւ կ՛ընէ, եթէ իր կառքին կամ իր բեռնակառքին տարողութենէն աւելի շատ ծանրութիւն չընդունի:

Եւ անշուշտ որ խօսքը միայն ֆիզիքական ծանրութեան մասին չէ: Կայ նաեւ աննիւթական ծանրութիւնը, բարոյականը, վերացականը: Նոյն վայրկեանին եթէ տասը նիւթի մասին մտածես, մտածումներդ կը կաղան, մակերեսային կը դառնան, չեն թափանցեր խորութեան: Չափաւորէ՛ նիւթերդ, չափաւորէ՛ նաեւ այն պարտականութիւնները, զորս կը ստանձնես: Ատոր համար ալ արդէն պայման է, որ լաւ չափես ուժերդ եւ այդ ուժերուն համաձայն շարժիս: Քիչ բեռան տակ մտիր, որպէսզի լաւ կրես ու տեղ հասցնես այդ բեռը: Այսքան պարզ է: Այսքան ընդունելի:

Բայց հոս ալ ես չե՞մ կրնար արդեօք յանկարծ շեղիլ ու հակառակին մասին մտածել, հակառակը փաստելով քիչ մը ամօթ պատճառել հայկական իմաստուն առածին: Հակառակին մասին մտածե՛լ:

Օ՜, սա հակառակին ահաւոր խորհուրդը, հակառակին ահաւոր խորութիւնն ու բովանդակութիւնը:

Գրեթէ ամէն բան իր հակառակը չունի՞ սա երկրագունդին վրայ կամ մեր ներաշխարհին մէջ: Մեծին դիմաց պզտիկը, սեւին դիմաց ճերմակը, լոյսին դիմաց խաւարը, պաղին դիմաց տաքը, ծովուն դիմաց ցամաքը, վերին դիմաց վարը, խենթին դիմաց իմաստունը, գեղեցիկին դիմաց տգեղը, ապուշին դիմաց խելացին, անօթութեան դիմաց յագեցումը, աշխատանքին դիմաց ծուլութիւնը, արթնութեան դիմաց քունը, տառապանքին դիմաց երջանկութիւնը: Կեանքի մէջ քանի՞ բան կրնամ գտնել արդեօք, որ սա կամ նա կերպով իր հեռաւոր կամ անմիջական հակառակը չունենայ: Կրնա՞նք ըսել, որ այս երկու հակառակներէն մէկը միայն իրական է, մէկը միայն օգտակար է, մէկը միայն թանկագին է մեզի համար, եւ միւսին պէտք չունէինք, միւսը իրական կամ վաւերական չէ մեզի համար: Կրնա՞նք:

Գիտեմ, թէ որքան քիչ բեռնաւորուած ըլլամ, այնքան դիւրին կը քալեմ, այնքան երկար կ՛երթամ, այնքան քիչ կը յոգնիմ, այնքան անվնաս կերպով տեղ կը հասցնեմ իմ շալկած բեռը: Բայց ո՞ր բեռան, ո՞ր ծանրութեան մասին է խօսքը: Եթէ խօսքը հարիւր քիլօ ծանրութեամբ սնտուկի մասին է, ճիշդ է: Կռնակիդ մի՛ բեռցներ այդ ծանրութիւնը: Բայց, օրինակ, եթէ խօսքը գիտութեան մասին է, փորձառութեան մասին է, այն ատեն պիտի չըսե՞նք, թէ որքան շատ բան սորվիս, որքան շատ բան գիտնաս, որքան շատ փորձառութիւն ձեռք բերած ըլլաս, այդքան ճիշդ ու ապահով պիտի ընթանաս, այդքան օգտակար գործ պիտի տեսնես:

Մեր մեծերը կ՛ըսէին անշուշտ, որ շատ գիտցողը շատ կը սխալի: Յաճախ կը համաձայնիմ մեր մեծերուն այս իմաստուն խօսքին: Կը մտածեմ, որ կարգ մը նիւթերու մէջ որքան քիչ բան գիտնանք, թերեւս այնքան աւելի լաւ է: Օրինակ, ան, որ չափազանց շատ բան կը կարդայ առողջական խնդիրներու մասին, կամ չափազանց շատ կը հետաքրքրուի բժշկական նիւթերով, այնքան աւելի ու այնքան անտեղի կերպով կը մտահոգուի կարգ մը խաբուսիկ ազդանշաններէ: Այստեղ աւելի լաւ է քիչ գիտնալ ու գործը թողուլ մասնագէտներուն: Օրինակները կրնանք բազմացնել: Բայց հոս ալ մեր աչքերուն մէջ պիտի չնայի՞ հակառակին խորհուրդը: Հակառակը բան մը պիտի չփսփսա՞յ մեր ականջներուն: Պիտի չըսէ՞, թէ շատ գիտցողը թէեւ մէկ կամ երկու անգամ կրնայ սխալիլ, բայց վեց-տասը անգամ ալ ճիշդը կը գտնէ: Պիտի արժէ՞, որ տգէտ մնանք, որպէսզի երբեմն չսխալինք:

Ամէն անգամ որ արձակուրդի կարճատեւ ճամբորդութեան մը կ՛ելլեմ, կնոջս կը պատուիրեմ.

– Եկո՛ւր, այս անգամ ճամբորդենք մէկ ճամպրուկով` փոխանակ երկուքի: Մեր բեռը թող թեթեւ ըլլայ: Պէտք չունինք աւելորդ բան միասին առնելու: Քանի մը օրուան ճամբորդութիւն է ի վերջոյ:

Կինս միշտ ալ համաձայն է ինծի հետ ու հաւանութիւն կը յայտնէ: Բայց մինչեւ այսօր չպատահեցաւ, որ մէկ ճամպրուկով երթանք: Դեռ չկրցանք իրագործել մէկ ճամպրուկով ճամբորդելու մեր ցանկութիւնը, որովհետեւ մեր վրայ կարծես անդիմադրելի ուժ մը կայ, որ վերջին վայրկեանին մեզի շարունակ կ՛ըսէ. սա ալ բեռցիր, սա ալ բեռցիր, սա ալ առ միասին, կրնաս պէտք ունենալ:

Վերջին հաշուով միշտ ալ գլխարկ կը հանեմ մեր իմաստուն առածներուն դիմաց, բայց գիտեմ, որ դեռ պիտի շարունակեմ ճամբորդել երկու ճամպրուկով, փոխանակ մէկի:

 

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES