ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ. ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՏԻՏՈՎ

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Առաջին անգամ կարմիր մատիտին ծանօթացած եմ մանկապարտէզի տարիքիս: Օրդ. Ռոզային մատիտը կարմիր կը գրէր, մերը` սեւ: Ան, տաշելիքի փոխան, կ՛օգտագործէր դանակ` սրելու համար քիչ մը հաստկեկ իր մատիտը, որուն գոյնը վարդագոյն կը դառնար, երբ կը սրբագրէր, մուգ կարմիր, երբ պարտականութեան օրինակը կ՛արձանագրէր տետրակին մէջ:

Տարիներու հեռաւորութեան վրայ օրդ. Ռոզան կը յամենայ յիշողութեանս մէջ կեղծամէն աւելի իր կարմիր մատիտով, որուն վարդագոյն երանգը տարիներով յուշած է ներողամտօրէն ընդգծել սխալները` յուսահատութեան չմատնելու համար աշակերտը: Սահմանափակել ընդգծումը այնքան, որ ակնյայտ դառնայ միայն սխալը: Երկու սխալ նոյն բառին մէջ, երկու գծիկը բաւարար պէտք է համարել:

Ուսուցիչի սրբագրութեան վարժութեամբ` զգուշացումը երբեք արգելք չէ հանդիսացած, որ բազում «ճիշդ»-երուն մէջ «չորսամ» սխալ մը, սխալներ` յաճախ ափսոսալով եւ հազուադէպօրէն հպարտանալով, երբ ոչ մէկ բիծ արատաւորած ըլլայ ներկայացուած աշխատանքը: Լայն շունչ մը քաշելէ ետք, կրկին աչքէ կ՛անցընես գրուածքը, վրիպակ մը գտնելու եւ չգտնելու կրկնակ զգացողութեամբ: Գնահատանքը պէտք է ըլլայ արդար: Անտեսումը սխալին` կրնայ սովորութեան կարգով անդարմանելի հետք ձգել:

Տարիներու ընթացքին կարելի՞ է հաշուել ,թէ քանի՛ գրաւոր, պարտականութիւն սրբագրած եմ: Յաճախ ցանկագրած եմ ընդհանուր սխալները` ամրապնդելու համար ճիշդը: Վերջին տարիներուն վարդագոյնը հետզհետէ սկսած է տեղի տալ, երբ ընթացիկ սխալները յամառօրէն նոյնը կը մնան, նոյնիսկ կը բազմապատկուին:

Հանրային մեր կեանքն ալ պարտականութեան տետրակի պէս բաց է իր թերութիւններով եւ իրագործումներով: Նոյն տետրակն է, ուր կան անուշադրութեան, սովորութեան կարգ անցած սխալներ: Քաղաքավարութիւնը, հանգիստ գլուխ պահելը կը թելադրեն անտեսել, սակայն այլասերման ընթացքը կը ստիպէ, որ ձեռք առնես կարմիր մատիտը, հաւաքագրես ընդհանրական սխալները` ճիշդը վերագտնելու յոյսով:

 

Share this Article
CATEGORIES