ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԴՆԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ
Երէկ Պուլկարիոյ խորհրդարանը հրաժարեցաւ քննարկման դնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, որուն նախաձեռնողը Աթաքա ազգայնական կուսակցութիւնն էր:
Թէեւ պուլկարական շարք մը քաղաքներու, որոնց շարքին` Փլովրիւի, Պուրկասի եւ Վառնայի քաղաքապետական խորհուրդները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն նման բանաձեւեր երկրի խորհրդարանին մէջ վաւերացնելու փորձերը տակաւին կը ձախողին:
240 հոգինոց պուլկարական խորհրդարանին մէջ 21 հոգինոց խմբակցութիւն ունի Աթաքա ազգայնական կազմակերպութիւնը, իսկ թրքական կուսակցութիւնը ներկայացուած է 38 հոգինոց խմբակցութեամբ: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը խորհրդարանի օրակարգին մէջ ներառելուն թեր քուէարկած է 14 երեսփոխան, դէմ` 30, իսկ 59 երեսփոխան ձեռնպահ մնացած է: Փաստօրէն հարցը դարձած է խորհրդարանին մէջ պուլկար եւ թուրք ազգայնականներու բախման արտայայտութիւն: Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած այլ կուսակցութիւններու երեսփոխանները փորձած են չէզոքութիւն պահպանել

