«ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃ
Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարա-Երեւան կապերու հաստատման հարցին մէջ խնդիրներ չկան, կան միայն պայմաններ:
«Պէտք է վերցուի այն խնդիրը, որ պատճառ դարձած է Հայաստանի հետ սահմանի փակման: Հայաստան պէտք է դուրս գայ գրաւեալ տարածքներէն եւ բանայ Ազրպէյճանի հետ սահմանը, որմէ ետք Թուրքիոյ հետ կապերու հաստատման խնդիր չի մնար», ըսած է Քըլըճ:
Ըստ թուրք դիւանագէտին, Արեւմուտքը եւս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը խրախուսէ:
«Ատիկա նաեւ Թուրքիոյ համար սուրբ հարց է եւ կ՛ուզենք տագնապի շուտափոյթ լուծում տեսնել, որովհետեւ Թուրքիան, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան իր ցանկութեան զուգահեռ, շրջանային միացեալ զարգացման կողմնակից է», յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը: