ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ 9-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 11 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ահիա Ռիատան:

ՀՄԸՄ, որ երթին 75-67 արդիւնքով յաղթած էր իր մրցակիցին, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց` 81-65 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-13, 13-17, 24-17 եւ 31-18:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը

Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը` մնալով ցարդ անպարտելի:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեւակ Քեթենճեան` 22 կէտ եւ 14 էսիսթ: Ապա յաջորդաբար` Հայկ Խաչերեան (18), Մարիօ Ապպուտ (16), Երուանդ Աւագեան (10), Ժորժ Ղանեմ (8) եւ Տէյվիտ Տէր Եղիայեան (7):

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, ՀՄԸՄ-ի համակիրները իրենց ներկայութեամբ եղան տիրական այս մրցումին` միշտ քաջալերելով իրենց կազմը, մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտը:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Ղազիր:

 

Share this Article
CATEGORIES