ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷԻ

PROFOTO

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ֆետերասիոնի փոխնախագահներ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Նատեր Պասմէ, ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը, որ Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած Արաբական 12-րդ խաղերուն հանդիսացած էր ախոյեան:

Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, նախարարին գործակատարը` Եասեր Ապպուշի եւ անոր գրասենեակին տնօրէնը` Ժամմալ Մաուաս:

Նախարարը բարձր գնահատեց աղջկանց խումբին ձեռք ձգած այդ արդիւնքը` աւելցնելով, որ դասաւորում մը կատարած է, որպէսզի մօտիկ ապագային նոյն այս պատուիրակութիւնը այցելէ Պաապտայի նախագահական պալատ:

Նախարարը խոստացաւ նաեւ ամէնէն արագ միջոցին իբրեւ գնահատանք մարզիկներուն նիւթական պարգեւ մը յատկացնել նախարարութեան սնտուկէն:

Թէ՛ Պարաքեթ եւ թէ՛ խումբի խմբապետ Նիսրին Տանտան իրենց խօսքերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարին` իր ցոյց տուած հոգածութեան համար:

 

Share this Article
CATEGORIES