ԲՆԱԾՈՒԽԻ ՄԱՍՆԻԿՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇԱՐՈՒԱԾՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՂՑԿԵՂՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻՆ

Մարտի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ յառաջացած հանգրուանին մէջ եղող լեարդի ու կուրծքի քաղցկեղներէ տառապող մարդոց տրուած քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող դեղահատերուն կցուած են կանոնաւոր շարուածք ունեցող բնածուխի շատ փոքր մասնիկներ, ապա ուշագրաւ կերպով արդիւնաւէտ դարձած է դարմանումը:

Այսուհանդերձ, ամերիկացի մասնագէտներ քաղցկեղի վերածուած ուռեր ունեցող մուկերու վրայ իրենց կատարած փորձարկումներուն մէջ գտած են, թէ նշեալ բնածուխի մասնիկները, որոնք ադամանդին պարունակած բնածուխի մասնիկներուն նման կանոնաւոր շարուածք ունեցած են, նպաստած են, որպէսզի քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող դեղահատերէն չազդուող քաղցկեղի վերածուած ուռերը կծկուին:

Բնածուխի մասնիկներուն բացակայութեան` նշեալ դեղահատերը ընդհանրապէս չեն ազդած յառաջացած աստիճանի քաղցկեղի վերածուած ուռերուն վրայ, նոյնիսկ երբ բարձր տարողութիւններով գործածուած են: Այսուհանդերձ, յաճախ այդ դեղահատերուն բարձր տարողութիւնները թունաւորած են հիւանդները եւ անոնք մահացած են ո՛չ թէ քաղցկեղէն, այլ` թունաւորուելէն:

ՈՒՌԵՐՈՒ ՉԱՓԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՆՈՒԱԶԵՑՈՒՄ

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Տեն Հօ ըսած է, թէ առաջին անգամն է, որ կարելի կ՛ըլլայ ապացուցել քիմիաբուժութենէն չազդուող քաղցկեղներու դարմանումը արդիւնաւէտ դարձնելու ծիրին մէջ կանոնաւոր շարուածք ունեցող բնածուխի շատ փոքր մասնիկներէ բաղկացած կերտուածքներուն ունեցած կարեւորութիւնը:

Երբ մասնագէտները յառաջացած աստիճանի քաղցկեղներ ունեցող մուկերուն մէկ մասին քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող համեմատաբար մեծ տարողութեամբ դեղահատեր տուած են, այնքա՛ն թունաւոր եղած են անոնք, որ մուկերը սատկած են նոյնիսկ նախքան ուսումնասիրութեան աւարտիլը:

Սակայն, երբ մասնագէտները յառաջացած աստիճանի քաղցկեղներ ունեցող մուկերուն բնածուխի կանոնաւոր շարուածք ունեցող շատ փոքր մասնիկներուն ընկերակցութեամբ միեւնոյն բարձր տարողութեամբ քիմիաբուժութեան հետ առնչուած դեղահատեր տուած են, ո՛չ միայն ողջ մնացած են մուկերը, այլ ուշագրաւ կերպով նուազած են քաղցկեղի վերածուած ու անոնց մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած ուռերուն չափը:

Նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ փորձարկումներէն կարելի եղած է ձեռք ձգել խոստմնալից արդիւնքներ, այսուհանդերձ, մասնագէտները հետամուտ են նմանօրինակ փորձարկումներ կատարելու նաեւ տարբեր տեսակի եւ յառաջացած հանգրուաններու մէջ եղող քաղցկեղներէ տառապող մարդոց վրայ` նկատի ունենալով, որ քիմիաբուժութեան միջոցով անոնց տրուած դարմանումները կը ձախողին նշեալ հանգրուաններուն մէջ եղող եւ մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած քաղցկեղներուն իննսուն առ հարիւր համեմատութեան պարագային:

ԱՆԳՈՐԾԱԾԵԼԻ ՆԻՒԹ…

Մասնագէտ Հօ ըսած է, որ թէեւ կանոնաւոր շարուածք ունեցող բնածուխի փոքր մասնիկները քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող տարբեր դեղամիջոցներուն պատրաստութեան մէջ ներառելու կապակցաբար սկսած է հետազօտութիւններ կատարել աւելի քան երեք տարի առաջ, սակայն տակաւին անհրաժեշտ է նուազագոյնը քանի մը տարի, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջացնել նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած փորձարկումները եւ, այդպիսով, վերջնականացնել անոնցմէ ձեռք ձգուած արդիւնքները:

Մասնագէտ Հօ աւելցուցած է նաեւ, թէ բնածուխի շատ փոքր մասնիկներուն կանոնաւոր շարուածքը բաւական հաղորդական դարձուցած է անոր կերտուածքը, ինչ որ միշտ ալ նպաստաւոր ազդակ նկատուած է կենսաբանութեան մէջ:

Նման կերտուածքով բնածուխի մասնիկներ կը կազմուին հանքագործութեան մէջ եւ կամ քարիւղի զտարաններուն մէջ տեղի ունեցող տարբեր գործընթացներէ յառաջացած պայթումներուն ընթացքին: Մասնագէտները յայտնած են, թէ մասնիկներու կանոնաւոր շարուածքով կերտուածք ունեցող բնածուխ կը կազմուի նաեւ տարբեր չափի երկնաքարերու երկրագունդին մակերեսին ինկած ատեն:

Նշեալ միջոցներով կազմուած այդ յատուկ կերտուածքով բնածուխը գրեթէ անգործածելի նիւթ մը եղած է: Սակայն մասնագէտ Հօ նշած է, թէ երբ այդ տեսակի բնածուխը տարրալուծարանին մէջ թթուով լուացուի, ճզմուի ու ապա քիմիական յատուկ գործընթացներու միջոցով որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուի, ապա կարելի կ՛ըլլայ արտադրել 2-8 նանոմեթր տրամագիծ ունեցող ու իրարու նման եղող մասնիկներ:

Մասնագէտները հետամուտ են մուկերէն աւելի մեծ անասուններու վրայ շարունակելու իրենց փորձարկումները` նախքան զանոնք մարդոց վրայ կատարելը:

Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` Էտուըրտ Չաու ըսած է, թէ կանոնաւոր շարուածք ունեցող բրածոյի շատ փոքր մասնիկները ունին բազմաթիւ տուեալներ, որոնք, երբ օգտագործուին տարբեր տեսակի քաղցկեղներու դարմանումին հետ առնչուած դեղամիջոցներու պատրաստութեան մէջ` կրնան ուշագրաւ տարբերութիւն յառաջացնել դարմանումի գործընթացին վրայ նշեալ դեղամիջոցներուն ունեցած արդիւնաւէտութեան մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «Ա. ԷՖ. ՓԷ»

Share this Article
CATEGORIES
TAGS