ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ…
Որեւէ երկրի քաղաքացի կ՛ունենայ իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որոնք զինք կը դարձնեն լիիրաւ քաղաքացի: Այսպէս, ան մասնակից կը դառնայ իր երկրի զանազան որոշումներուն որդեգրումին եւ իր նպաստը կը բերէ անոնց գօրծադրութեան եւ երկրի զարգացման: Այս քաղաքացիները, եթէ կ՛ապրին իրենց բնական բնօրրանին` հայրենիքին մէջ, ինքնաբերաբար կ՛ունենան միեւնոյն առօրեան, նոյնանման հոգերը եւ ընդհանուր կրթութիւն մը: Նոյնը չէ պարագան որեւէ երկրի սփիւռքի քաղաքացիներուն համար: Անոնք իրենց բնակած երկրի քաղաքացիներ են յաճախ եւ այս երկրի իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները բաւարար կրնան նկատել:
Այսպէս, անոնք չեն ունենար իրենց հայրենիքի քաղաքացիութիւնը (յատկապէս եթէ օրինական պատնէշներ ալ կան) եւ ուղղակիօրէն մասնակից չեն ըլլար իրենց հայրենիքի բարգաւաճման գործին: Անոնց մասնակցութիւնը պարզապէս կ՛ըլլայ պարագայական: Առաւել եւս, քաղաքացիութեամբ կամ առանց քաղաքացիութեան սփիւռքի քաղաքացիին առօրեան, հոգերը եւ կրթութիւնը շատ տարբեր կ՛ըլլան իր հայրենիքի առօրեայէն ու կրթութենէ, բացի եթէ ատոր առաջքը առնուած է:
Ակներեւ է, որ որեւէ երկրի սփիւռքի անդամ պէտք է ունենայ իրաւական կապ իր հայրենիքին հետ, որ իր կարգին անբաւարար է առանց հոգեկան ամուր կապի:
Այս է պարագան բոլոր երկիրներու սփիւռքներուն, բայց մենք պիտի կեդրոնանանք հայկական սփիւռքին վրայ: Նախ պիտի անդրադառնանք հոգեկան կապի կացութեան ու կարեւորութեան մեր սփիւռքին մէջ, ապա պիտի ներկայացնենք հոգեկան կապի կացութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Իրաւական կապը կ՛իրականանայ սփիւռքահայերուն Հայաստանի քաղաքացի դառնալով: Այսպէս, անոնք կ՛ունենան իրենց քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները Հայաստանի նկատմամբ եւ մասնակից կ՛ըլլան անոր որոշումներու որդեգրումին եւ գործադրութեան: Այսպիսով, որոշումներուն որդեգրումին մէջ սփիւռքը կը կատարէ իր արժանի դերը: Սակայն նոյնքան կարեւոր է սփիւռքի դերը որոշումներու գործադրութեան մէջ` նկատի ունենալով սփիւռքահայոց թիւը, թիւի աճը եւ Հայաստանի մէջ մարդուժի եւ դրամագլուխի պակասը:
Այսօր սփիւռքը որոշ չափով կը կատարէ իրեն վստահուած դերը` նիւթական մասնակցութեամբ կամ երբեմն մարդուժի հայթայթումով. նաեւ որոշ չափով մասնակից կ՛ըլլայ քաղաքական որոշումներու որդեգրումին, թէեւ այս մասնակցութիւնը յաճախ կ՛ըլլայ միայն խորհրդակցութեան համար: Վստահաբար սփիւռքի այս մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ իր իրաւական յենարանը, առանց որուն` կրնայ որեւէ ատեն դադրիլ գոյութիւն ունենալէ: Արդարեւ, քիչ առաջ մեր նշած կապը հիմնուած է կամաւոր ձեւով կատարուած նիւթական օժանդակութիւններու վրայ եւ կամ Հայաստանի պետութեան կամքով կատարուած սփիւռքահայերու հետ խորհրդակցութեան վրայ: Վստահաբար կամաւոր այս աշխատանքը ունի իր առաւելութիւնները, սակայն ո՛չ` պետականութեան հաստատման գործին մէջ: Որեւէ բան, որ կը կատարուի կամաւոր ձեւով, կրնայ դադրիլ գոյութիւն ունենալէ որոշ ժամանակ ետք, եթէ չունի իրաւական յենարան: Այսպէս, սփիւռքահայերուն Հայաստանի քաղաքացի դառնալը կը վերածուի երաշխիքի` սփիւռքի գոյութեան եւ Հայաստանի զարգացման մէջ անոր դերին: Այսպէս, յստակ է, որ այս իրաւական կապը անհրաժեշտութիւն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի համար: Ճիշդ չէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ տարբերութիւնը դնել, բայց իրաւական գետնի վրայ իրականութիւնը այդ է:
Անհերքելի է, որ աշխատանքներ կը տարուին այս ուղղութեամբ: Այսպէս, վերջին տասնամեակին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վաւերացուց երկքաղաքացիութեան օրէնքը, նոյնպէս եւ յառաջացուց սփիւռքի նախարարութիւն մը: Սակայն սփիւռքահայերէն միայն քիչեր Հայաստանի քաղաքացիութեան կը դիմեն եւ կը ստանան զայն: Հետեւաբար աշխատանքները պէտք է շարունակուին, որպէսզի սփիւռքահայերու առօրեային հետ որոշ չափով համընկնող քաղաքացիութեան օրէնք մը մշակուի: Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է սատար հանդիսանան Հայաստանի, որպէսզի օրէնքը պէտք եղած ճշգրտութեամբ որդեգրուի եւ իրագործուի` ներառելով համայն հայութիւնը: Այս իրաւական կապը անհրաժեշտութիւն է ամբողջ հայութեան համար:
Սակայն այս կապը կ՛ըլլայ թերի եւ մակերեսային, եթէ չունենանք հոգեկան ամուր կապ հայաստանաբնակ քաղաքացիին եւ սփիւռքահայուն միջեւ, կամ աւելի պարզ` բոլոր հայոց միջեւ, անշուշտ կեդրոն ունենալով Հայաստանը: Հոգեկան կապ` կը նշանակէ ընդհանուր հոգեր, ընդհանուր քաղաքականութիւն, ընդհանուր պատմութիւն եւ մշակոյթ. մէկ խօսքով` միացեալ կրթութիւն, որ ներառէր բոլոր նշուած մարզերը:: Եթէ բոլոր հայերը ապրէին Հայաստան, ապա այս հոգեկան կապը պիտի ըլլար բնական:
Արդարեւ, անոնք պիտի ունենային նոյն առօրեան, նոյն հոգերը եւ նոյն կրթութիւնը: Այս գծով անարդար է անտեսել մշակութային, կրթական միութիւնները, դպրոցներն ու ակումբները, որոնք յաճախ իրենց կարելիէն շատ աւելին կ՛ընեն` կարելի եղածին չափ հայ ուսանողը կամ երիտասարդը հաղորդակից դարձնելու հայրենիքի հոգերուն, պատմութեան եւ կրթութեան: Սակայն այս միութիւնները չեն կրնար անհատաբար պայքարիլ ապահովելու համար լիիրաւ հայեցի կրթութիւն, նկատի ունենալով, որ անոնց կռիւը համաշխարհայնացման դէմ է, որ ներկայ է բոլորին կեանքին մէջ: Հետեւաբար պէտք է միացնել ուժերը եւ ազգի մակարդակով գտնել կրթական համակարգ մը, որ բոլոր հայերը հաղորդակից դարձնէ միեւնոյն արժէքներուն, միեւնոյն հոգերուն, միեւնոյն դատին, միեւնոյն պատմութեան, միեւնոյն մշակոյթին եւ միեւնոյն լեզուին. անշուշտ` առանց անտեսելու պատշաճեցումը իրենց բնակած երկրի կրթական համակարգին հետ: Կան ճիգեր` ստեղծելու միացեալ դասագիրքեր, սակայն անոնց օգուտը պիտի ըլլայ չնչին, եթէ այդ դասագիրքը մաս մը չըլլայ ընդհանուր համակարգէն: Ճիշդ է` դժուարութիւններ կան, բայց արդէն իսկ այսպիսի իրագործուած համակարգեր կան: Օրինակի համար, նշենք ֆրանսական կրթական համակարգը, որ կը խմբէ ֆրանսախօս երկիրները, տարբեր ազգեր եւ զանոնք կ՛օժտէ իր լեզուով գրականութեամբ, պատմութեամբ: Հայոց պարագային միեւնոյն ազգն է, որ կ՛ուզենք խմբել պարզապէս:
Ձեւերը շատ են: Սակայն յօդուածի մը սահմաններուն մէջ զանոնք ամփոփելը անհնար է: Եւ նախընտրելի է մասնագէտներ զբաղին այդ գործով: Այս յօդուածով պիտի բաւարարուինք կոչ ուղղելով բոլոր հայ կրթական մշակներուն առնելու պէտք եղած քայլերը` ստեղծելու համար այս համակարգը: Եթէ պէտք է` կատարել խորհրդաժողով մը դիմել սփիւռքի նախարարութեան եւ կաթողիկոսութիւններուն: Իսկ եթէ այս բոլորը շատ բարդ են, առ այժմ օգտակար է նաեւ սկսելու ներլիբանանեան խորհրդաժողովով:
Միայն ազգային կրթութեամբ է, որ հայ անհատը կարելի է դարձնել լիիրաւ հայ: Եւ այս կրթութիւնը ինքնաբերաբար սերունդէ սերունդ կը ցնդի սփիւռքի մէջ, եթէ ան պարզապէս հիմնուած է ուսուցիչներու խիղճին վրայ, եւ եթէ չկայ յստակ եւ կայուն համակարգ: Ազգ` կը նշանակէ` լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, արժէքներ, հոգեր եւ պետականութիւն: Հետեւաբար այսօրուան դրութեանմբ կրնանք ըսել, որ ազգ կը նշանակէ ունենալ միացեալ կրթութիւն եւ միեւնոյն քաղաքացիութիւն:
ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

