ՇԱՐՊԵԼ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը նախարարութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ` նկատել տալով, որ երկրին ապահովական կացութիւնը ընկերային ու տնտեսական կայունութեան երակն է եւ ուղղակիօրէն առնչուած է երկրին քաղաքական ապահովութեան:
Շարպել նշեց, որ ինք համաձայն է լիբանանեան բանակը Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն վրայ տեղակայելու գաղափարին` աւելցնելով նաեւ, որ անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծում կատարել` արգիլելու համար երկկողմանի ապօրինի երթեւեկը: Ան նկատել տուաւ սակայն, որ Լիբանան այդ մէկը պէտք է կատարէ Սուրիոյ հետ գործակցութեամբ:
Ներքին գործոց նախարարը մտավախութիւն յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական սուր երկփեղկումն ու Սուրիոյ մէջ տիրող վատթար կացութիւնը իրենց ազդեցութիւնը ունենան լիբանանեան իրավիճակին վրայ:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Շարպել յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է, որ կ՛ապահովէ ժողովրդավարութիւնը եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

