ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավար Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ յայտնեց, որ Լիպիա համաձայն է իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարը բացայայտելու առումով բացուած հետաքննութիւններուն Լիբանանի մասնակցութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք ոչինչ կրնան իրականացնել առանց լիբանանեան իսկական պետութեան հիմնումին: «Մենք պէտք ունինք այնպիսի պետութեան, որուն մօտ կը գտնուի ռազմավարական իր որոշումը», ըսաւ Ժահժահ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հասած է վերջնական յաղթանակի` աւելցնելով, որ շրջանային իրադարձութիւնները Լիբանանը շրջանցած են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի հերքեց Զահլէի երեսփոխանական պլոքին անդամներուն միջեւ տիրող տարակարծութիւններուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` աւելցնելով, որ անկարելի է Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը կապել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին գոյութեան:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմաս յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումին վաւերացումէն ետք պենզինի սակերը յաւելում պիտի արձանագրեն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ հասարակ յայտարարները կը գերազանցեն անոնց միջեւ տարակարծութիւնները: Ան հաստատեց, որ երկու կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն իրենց միջեւ երկխօսութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարելիք այցելութեան մասին Հըզպալլայի կեցուածքը վնաս հասցուցած է թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ կուսակցութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ Հըզպալլա կ՛ընդդիմանայ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ներքին լիբանանեան առումով փոփոխութիւններու արձանագրութեան յոյսեր չկան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը համայնքային խտրութեան վրայ հիմնուած է: Ան շեշտեց, որ ընտրական այս օրէնքին գործադրութեան պատճառով է, որ տեղի ունեցած են 7 մայիսի դէպքերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպանի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը գործակցին ապազինուած Պէյրութ մը ունենալու ծրագիրին հետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Պքերքէի հանդիպումին նպատակն է աշխատիլ պարտադրելու համար համայնքային այն հաւասարութիւնը, որ հիմնուած է երկրին սահմանադրութեան վրայ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիպիական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ լիպիական ներկայ իշխանութիւնները իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման մասին յստակ տեղեկութիւններ չունին:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ կառավարութեան միջեւ պէտք է համաձայնութիւն մը գոյանայ` Միջազգային դատական ատեանին մասին, որպէսզի ոչ ոք կարենայ այդ իմաստով առանձին որոշում տալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընէն պահանջեց լիբանանեան բանակը տարածել լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ: