ՍԱՐԱՖԱՆՏԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Հարաւային Լիբանանի Սարաֆանտ շրջանին մէջ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պատահեցաւ պայթում մը, որ թիրախ դարձուց ոգելից ըմպելիներ վաճառող վաճառատուն մը:

Ըստ հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն, պայթումը կատարուած է 500 կրամ «Թի. Էն. Թի.» կշռող ականով եւ պատճառած է աւելի քան հինգ հազար տոլար արժող վնաս:

Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Սուրի մէջ ոգելից ըմպելիներ վաճառող վաճառատուներուն դէմ գործուած պայթումները մտաւոր ահաբեկչութիւն կը նկատուին:

Share this Article
CATEGORIES