ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Իսամ Սլէյմանի:
CATEGORIES Լիբանանեան

