ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրին ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այսպիսի քննարկումները` զանոնք որակելով իբրեւ քաղաքական մշակոյթի առանցքային բաղադրամաս:
CATEGORIES Հայկական

