ԹԵՆԻՍ. ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու վրայ տեղի ունեցաւ մարզիչներու միջազգային դասընթացքը` Մար Եուսեֆ վարժարանին մէջ (Քըրնեթ Շեհուան):
Այդ դասընթացքը տուաւ սուրիացի Ֆարահ Տիուպապ, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած է Արեւմտեան Ասիոյ ընդհանուր պատասխանատու:
Ան որոշ գաղտնիքներ եւ գաղափարներ փոխանցեց նոր օրէնքներուն մասին, որոնք պիտի կիրարկուին յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն ընթացքին:
Ներկաներուն կարգին էին ֆետերասիոնի անդամներ Ժորժ Քապալան, Նեպիլ Սասին, Լիբանանի «Տէյվիս Քափ»-ի խումբի մարզիչ Հիւսէյն Պատրէտտին, մարզիչ Ռիշար Հայժ, ինչպէս նաեւ մեծ ու փոքր մարզիկներ:
Աւարտին բոլոր անոնք, որոնք ներկայ եղան այս դասընթացքներուն, ստացան յատուկ վկայագիրներ:
CATEGORIES Մարզական