ՄԿՈՅԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՍՊԱՐՏԱԿ ՆԱԼՉԻՔԻ ՀԵՏ

Հրայր Մկոյեան

News.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահներէն Հրայր Մկոյեան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Սպարտակ Նալչիքի հետ:

Ներկայ հանգրուանին գիւմրեցի ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է վեց ամսուան ժամկէտով: Եթէ պատահի, որ անոր ակումբը յաջողի մնալ փրեմիեր լիկային մէջ, անոր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի երկու տարիով, իսկ եթէ հակառակը պատահի, անոր պայմանագրութիւնը չեղեալ պիտի նկատուի:

Նշենք, որ այժմ Սպարտակ, Ռուսիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան կը գրաւէ 15-րդ եւ նախավերջին դիրքը:

Նկատի ունենալով, որ այժմ ձմեռնային արձակուրդ է, Սպարտակ երէկ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ` մեկնելով Թուրքիա:

 

Share this Article
CATEGORIES