ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ – ՓԱՊԼՕ ՖԱՐԻԱՍ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ` ՍՊԱՌԱԾ

Արթուր Աբրահամ (ձախին)` փորձերու ընթացքին

PanARMENIAN.Net կը յայտնէ, որ 14 յունուարին տեղի ունենալիք կռփամարտի ճակատումին, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան գերմանահայ Արթուր Աբրահամ եւ արժանթինցի Փապլօ Ֆարիաս, 4000 տոմսերը արդէն իսկ սպառած են:

Աբրահամի համար այս ճակատումը կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան երկար ընդմիջումէ ետք կը վերադառնայ մրցասպարէզ:

«Շատ շնորհակալ եմ իմ համակիրներէս` իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Յոյսով եմ, որ բացառիկ ներկայացում մը պիտի կատարեմ: Կը կարծեմ, որ 2012-ը ինծի համար բացառիկ տարի մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ամէն գնով կ՛ուզեմ դարձեալ աշխարհի ախոյեան հանդիսանալ», ըսաւ Աբրահամ, ըստ box-club.ru-ի:

Նշենք, որ ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Եուրոփափարք Ռասթի մէջ իր փորձերը կատարելէն ետք. փորձերուն ներկայ էին շուրջ հազար համակիրներ:

 

Share this Article
CATEGORIES