ՃԱՏՐԱԿ. ՓՈՐԹ ՄԱՐԼԻԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻԳՐԱՆ ՂԱՐԱՄԵԱՆ` 5-ՐԴ
Ֆրանսահայ Տիգրան Ղարամեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆրանսական Փորթ Մարլի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Այս լուրը փոխանցեց Armsport.am լրատուական կայքէջը` մէջբերելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին տուած տեղեկութիւնները:
Ղարամեան միայն կէս կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւէն:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 148 ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական


