50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

ՊՈԼՍՈՅ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ

«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՖՈՆՏԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է 98.000 ՈՍԿԻ

Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք սրբազան, ընկերակցութեամբ Սուրէն արք. Քեմհաճեանի, այցելած է Գանտիլլի, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին ու դպրեվանքը եւ նախագահած է եկեղեցական արարողութեանց դպրեվանքի մէջ: Երկու եպիսկոպոսներն ալ օգտակար խրատականներ տուած են սաներուն: Փորթուգալի հիւպատոսն ալ ներկայ գտնուած է դպրեվանքի արարողութեանց:

Ամսոյս 23-ին որոշուած է սկսիլ Ս. Խաչ եկեղեցիի նորոգութեան: Թաղականութիւնը այդ առիթով հրատարակած է մասնաւոր հաղորդագրութիւն մը:

Այդ հաղորդագրութենէն կը հասկցուի, որ երեք դարու կեանք ունեցող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անհրաժեշտ նորոգութեան համար «Կիւլպէնկեան» ֆոնտէն յատկացուած է 98 հազար թրքական ոսկի, նկատի ունենալով, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան մկրտուած է յիշեալ եկեղեցիին մէջ:

Եկեղեցիի նորոգութեան համար ընդհանուր ծախք նախատեսուած է 200.000 ոսկի:

ԾՆՈՒՆԴԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ԵՒ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ
ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Հալէպի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան:

Աթոռանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց թեմին առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, որ խօսեցաւ ներշնչուած քարոզ մը:

Սրբազան հայրը եւ Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչները: Ծննդեան տօնին առաջին օրը, առաւօտեան ժամը իննուկէսէն սկսան ընդունիլ շնորհաւորութեան համար այցելողները:

Ժամը 10:30-ին, այցելեցին նահանգապետը, բանակի ընդհանուր հրամանատարը եւ ոստիկանութեան տնօրէնը: Սրբազան հայրը բոլոր հոգեւոր պետերու, միւֆթիին, քատիին, երեսփոխաններու, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ բազմաթիւ երեւելի անձնաւորութիւններու շնորհաւորական այցելութիւնները ընդունեց:

ԲԺՇԿՈՒՀԻ ԱՍԼԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՀԱՅՈՒՀԻՆ 65 ՏԱՐՈՒ Է,
ԲԱՅՑ ՃԵՐՄԱԿ ՄԱԶ ՉՈՒՆԻ

Ռումանահայ բժշկուհի Անն Ասլան, որ հնարիչն է «Հ. 3» երիտասարդացումի հանրածանօթ շիճուկին, քանի մը օր առաջ Գահիրէ հասած է Ինտոնեզիայէն:

Նշանաւոր բժշկուհին հինգ շաբաթ մնաց Իտոնեզիա եւ հիւրն եղաւ նախագահ տոքթ. Սոքառնոյի: Ճամբորդութեանց ընթացքին իրեն կ՛ընկերանան ռումանացի երեք փրոֆեսէօր-տոքթորներ:

Տիկին Ասլան հինգ օր Գահիրէ պիտի մնայ: Իջած է «Քոնթինանթալ» պանդոկը: Հաճոյքով ընդունեց մամուլի ներկայացուցիչները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

Կ՛ըսէ, թէ 65 տարեկան է, բայց հազիւ 40-45 տարեկան կ՛երեւի: Վարսերուն մէջ ճերմակ թել անգամ չկայ: Առաջին անձերէն է, որ կը դարմանուի «Հ. 3» հրաշալի շիճուկով:

ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՀԱՅ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԸ

Լեւոն Քէշիշեան Նիւ Եորքէն կը գրէ.-

Երիտասարդ դաշնակահարուհի մըն է Թանիա Յարութիւնեան, որուն ծանօթացանք սկաւառակի մը միջոցաւ:

Սքանչելի դաշնակահարուհի մըն է, տակաւին երիտասարդ: 1937-ին ծնած է Թեհրան, Իրան, ու 1960-ին Շոփենի միջազգային մրցումին մասնակցելով` 3-րդ մրցանակը շահած է: Ան նուագած է Անգլիոյ Փորթուգալի ու Իրանի մէջ: Վերջերս ձեռք անցաւ իր մէկ սկաւառակը` պատրաստուած Գերմանիոյ մէջ ու կը նուագէ Շոփենի գործերը:

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԵՐ»

Հ. Մ. Ռաֆայէլեան նոր գիրք մը գրած է, որ կը կոչուի «Հայկական գորգեր»:

Հ. Մ. Ռաֆայէլեան ասկէ առաջ գրած է երկու հատորներ` «Արեւելեան Գորգերու գաղտնի լեզուն» (1953) եւ «Կեանքի նշաններ» (1957):

Իր նոր գործին մէջ Հ. Մ. Ռաֆայէլեան պատմականը կ՛ընէ հայ գորգագործութեան եւ կը խօսի նաեւ գորգերու խորհրդանշական իմաստներուն եւ անոնց կրած ազդեցութիւններուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES