ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Մրցանիշներու «Կինես ուըրլտ ռեքորտ» գիրքը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1955 թուականին:

Որսորդութեան մը ընթացքին կինես գարեջրատան պատասխանատուն` սըր Հիւկ Պիվըր իր բարեկամներուն հետ երկար վիճաբանութեան մը մէջ կը մտնէ` հարց տալով, թէ ո՞ր մէկն էր Եւրոպայի ամէնէն արագ որսը: Ան հետաքրքրական եւ հաճելի կը գտնէ նման հարցումներու պատասխանը տուող գիրքի մը ստեղծումը:

Սըր Հիւկին գաղափարը կ՛իրականանայ, երբ Լոնտոնի մէջ գտնուող հաստատութեան կը տրուի այդ տեղեկութիւնները քաղելու աշխատանքը: Այս ձեւով կը ծնի աշխարհի առաջին «Կինես պուք օֆ ռեքորտզ»-ը 27 օգոստոս 1965-ին: Նոյն տարուան Կաղանդին ան կը գտնուէր Անգլիոյ մէջ ամէնէն շատ ծախսուած գիրքերու ցանկին գլուխը:

* * *

«Կինես» մրցանիշներու գիրքը ամէն տարի կը նշէ աւելի քան 4000 միջազգային մրցանիշներ: Ամէն տարի 17 նոյեմբերին` մրցանիշներու  միջազգային օրը, ամբողջ աշխարհին մէջ յատուկ դատաւորներ կը վաւերացնեն թէ՛ լուրջ, թէ՛ ալ տարօրինակ տեսակաւոր մրցանիշներ, ինչպէս` աշխարհի ամէնէն մեծ ձուկը, ամէնէն  արագ օդանաւը, ամէնէն տարիքոտ անձը, ամէնէն մեծ ոտքերով մարդը, կաթի շիշ մը գլխուն վրայ ամէնէն աւելի հեռաւորութիւն կտրող անձը, ամէնէն մեծ փիցցան, ամէնէն մեծ ծամոնի փուչիկը, ամէնէն երկար ականջներով շունը…

Ամէն տարի հազարաւոր անձեր իրենց մրցանիշները կ՛առաջարկեն: Անոնց մէջէն միայն 4000 մրցանիշներ կը պահուին մտնելու համար գիրքին մէջ: Ութ դատաւոր իրաւարարներ պէտք է վաւերացնեն այս թիւերը, պայմանաւ որ այդ մարզը վտանգաւոր չըլլայ:

Մասնակիցներուն երեւակայութիւնը գրեթէ անսահման է. անոնցմէ մէկը գիրքին մէջ ամէնէն շատ մրցանիշ ունեցողին մրցանիշը արձանագրած է… Ան այժմ 110 մրցանիշներու տէրն է:

«Կինես» գիքը ինքնին մրցանիշ մը արձանագրած է: Հարիւր տարբեր երկիրներու մէջ աւելի քան հարիւր միլիոն ծախուած օրինակներով եւ 37 տարբեր թարգմանութիւններով` «Կինես ուըրլտ ռեքորտզ» գիրքը բոլոր ժամանակներուն աշխարհի ամէնէն շատ ծախսուած գիրքն է:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

Չինացիները եւ հնդիկները շատ զօրաւոր են ժողովրդային մրցանիշներուն պարագային, մինչ ամերիկացիները աւելի մրցանիշներ կ՛արձանագրեն ուտելիքի մարզին մէջ. օրինակի համար, անոնք շինած են աշխարհի ամէնէն մեծ համպըրկըրի մրցանիշը (1 թոն):

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

Անասուններուն եւ բոյսերուն համար մրցանիշները շատ լուրջ հարց մըն են: Անկէ կախեալ է անոնց վերապրումը: Միշտ պէտք է ամէնէն լաւը ըլլալ ուտելու համար, եւ ո՛չ` ուտուելու:

– Չիթա ընձառիւծը (ֆրանսերէն` կեփար), աշխարհի ամէնէն արագ անասունն է, ան կը վազէ ժամական 115 քմ արագութեամբ:
– Արում թիթանը ո՛չ միայն աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկն է իր 2-50 մեթր հասակով… այլ նաեւ աշխարհի ամէնէն գէշ հոտող  ծաղիկը:
– Հարցում – ի՞նչն է, որ աւելի ծանր կը կշռէ, քան` աշխարհի բոլոր մարդ արարածները միասին: Պատասխան` որդիները:
– Հարցում – ի՞նչն է, որ ունի 30 մեթր երկայնք եւ կը կշռէ 150 թոն: Պատասխան` կապոյտ կէտը:

 

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ԱԼ ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐ
Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Ամէն տարի բազմաթիւ մանուկներ մուտք կը կատարեն «Կինես» մրցանիշներու գիրքը:

Յաճախ անոնք մրցանիշներ կ՛արձանագրեն իրենց դպրոցներուն հետ: Օրինակի համար, սեպտեմբեր ամսուն 170 դպրոցներէ եկած 4600 մանուկներ նոյն ատեն ջութակ նուագեցին Թայուանի մարզադաշտին մէջ: Անոնք կտրեցին 1925-ին արձանագրուած մրցանիշ մը:

Մինչ Շուէտի մէջ մանուկներ շինած են աշխարհի ամէնէն մեծ խմորէ մանկեակը:

 

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԲԱՐՁՐ
ԿԵՆԴԱՆԻ ԾԱՌԸ

21-րդ դարու սկիզբը աշխարհի ամէնէն բարձր ծառը Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սեքօա ծառ մըն էր: 1998-ի սեպտեմբերին չափուած անոր գագաթը կը հասնէր 112,04 մեթրի:

Մինչ այդ ան աճելու ժամանակ ունեցաւ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ ան 1000 տարեկան է:

Սակայն անիկա իր տիտղոսը կորսնցուց յուլիս 2004-ին, երբ Քալիֆոնիոյ Ռոքֆելըր անտառին մէջ գտնուեցաւ հաւանաբար 1600 տարեկան Սթրաթոսֆետի հսկան անուանուած ծառը, որ ունի 112,7 մեթր բարձրութիւն եւ 5,18 մեթր տրամագիծ:

Սեպտեմբեր 2006-ին ուրիշ ծառ մը` Հայփերիոն, Քալիֆորնիոյ Ռետուուտ անտառին մէջ Սեքօա մը, կը խլէ այս տիտղոսը հսկային ձեռքէն: Հայփէրիոն իր 115,5 մեթր բարձրութեամբ, Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանին 2,5 անգամին հաւասար է:

 

2011-Ի ԹԻՒԵՐԷՆ…

7,000,000,000 մարդ արարածներ:

7 տարեկան արժանթինցի Լէոնել Անխել Քոյրա դարձաւ Ռէալ Մատրիտի ամէնէն փոքր անդամը:

Աշխարհի վրայ 2,000,800,000 անձեր կը գործածեն համացանցը:

Ճափոնի մէջ 342 թոն կշռող կարմիր թոն մը աճուրդով ծախուեցաւ 298,000 եւրոյի:

Ճափոնի մէջ Հոմշու կղզին 2,40 մեթր տեղափոխուեցաւ երկրաշարժին պատճառով:

… եւ տարեդարձներ

Պարպի պուպրիկին բարեկամը` Քեն 50 տարեկան է:

Ուիքիփետիա համացանցի համայնագիտարանը 10 տարեկան է:

«Նիվէա Քրեմ» 100 տարեկան է:

Ե- նամակը 40 տարեկան է:

Քոքա – Քոլան 125 տարեկան է:

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 - 134` գտնելու համար պահուած պատկերը

Կրնա՞ս գտնել գլխարկին եւ ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր փաթիլի զիրար ամբողջացնող երկու բաժինները:

Share this Article
CATEGORIES