ՍԱՐԳԻՍ ԱՃԷՄԵԱՆ` ՀԱՅՈՒ ՏԻՊԱՐԸ

Տարօրինակ ընթացքով մը, վերջին տարիներուն մեզմէ անժամանակ կը հեռանան ազգայիններ, որոնց մեկնումէն ետք անպայման կը դրուի հարցումը` թէ ով պիտի լեցնէ բացը, ով պիտի փոխարինէ մեկնողը:

Մեկնողները անպայման թերթերու էջերը զարդարող նկարներու տէրեր  չեն, ո՛չ ալ շքանշանակիր ազգայիններ:

Մեկնողները անպայման հանդիսութիւններու թէ պատարագներու ընթացքին առաջին կարգի վրայ հանգչող անձնաւորութիւններ չեն, ոչ ալ իրենց գործունէութեամբ կամ քարոզչութեամբ աղմուկ բարձրացուցած անհատներ:

Մեկնողները Սարգիս Աճէմեանի նման «Հայեր» են:

Տիպար, անխառն հայեր, որոնք լուռ ու անաղմուկ իրենց դրոշմը դրած են Լիբանանի հայութան գէթ վերջին յիսնամեակի պատմութեան վրայ, ամրապնդած են անոր գոյութեան սիւները, փոխարէնը ոչինչ պահանջած են եւ դարձեալ անաղմուկ, լռութեամբ մեկնած են այս աշխարհէն, իրենց աշխատանքը կատարած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ:

Սարգիս Աճէմեան այս յատկանիշերով օժտուած, մեր գաղութը ամրապնդող սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն էր:

Ու երբ քառասուն ու քանի մը օր առաջ իր դագաղին դիմաց «Կեանքէն ինծի ինչ մնաց» հարցադրումը կը կատարէի սիրելի Սարգիսին հաշուոյն, անմիջապէս իմ աչքիս առջեւ կը կանգնէր ինք, որուն ճանչնալու առիթ ունեցած եմ աւելի քան 35 տարի:

Համեստ ընտանիքի զաւակ, ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողքի առաջին սերունդ, կեանքի ու տառապանքի լեղի բաժակը ցմրուր խմած Սարգիս Աճէմեան, հայու ամուր նկարագիրով յաղթեց տառապանքին, ամրացուց ինքզինք, իր ընտանիքի անդամներու հետ քրտինք թափեց ու ջիղ սպառեց, գործ հաստատեց, հայ ընտանիք կազմեց, հաւատաց Լիբանանի ու Լիբանանի հայութեան առաքելութեան, զայն վերածեց իր մեծ ընտանիքին, ապրեցաւ անոր հետ ու միացաւ անոնց, որոնք ապրեցուցին զայն, իրենց սեփական ընտանիքին կողքին ու յաճախ նաեւ, այդ ընտանիքին բարօրութեան հաշուոյն:

Լուռ. հանդարտաբարոյ, վէճերէ ու խնդիրներէ հեռու, զուարթախոհ, ընկերասէր ու ընկերական ոգիի տէր, ծառայասէր, հեզ ու խոնարհ համեստ փխրուն սրտի տէր, խօսքէ հեռու, գործին հաւատացող մշտաժպիտ մարդ էր Սարգիս Աճէմեան: Յատկանիշներ, որոնք սոսկ թւումներ չեն, ո՛չ ալ յետ մահու գնահատանք, այլ էականօրէն անոր կեանքին ընթացքին երեւցած աղաղակող գիծեր, որոնք դժբախտաբար օրէ օր, աստիճանաբար կը խամրին հետզհետէ անապատացող մեր շրջապատին ու մարդկայնութենէ տառապող մեր առօրեայէին մէջ:

Ան իր այս արժանիքներու կողքին երբեք գնահատանք ակնկալող չէր: Իր մեկնումէն ետք սակայն, պատմութեան համար ու գալիք սերունդներուն իբրեւ օրինակ, անհրաժեշտ է ըսել, որ Սարգիս Աճէմեան նաեւ բարերար էր, գլխագիր բարերար, որ սակայն տուաւ մի՛շտ ու անաղմուկ: Մեր ազգային կառոյցներէն ո՞վ կրնայ ըսել, թէ երբ անոր դիմած է ինչ նպատակի համար որ ալ ըլլայ, դրական պատասխան չէ ստացած: Ո՞վ կրնայ արդարօրէն ըսել, թէ ինք մերժուած է, երբ դիմած է Սարգիսին: Կաթողիկոսարան, դպրեվանք, Ազգային առաջնորդարան «Թռչնոց բոյն», ծերանոց, ՀՄԸՄ, Համազգային, Լիբանանի օգնութեան խաչ, ճեմարան թէ ազգային վարժարաններ, բարեսիրական թէ  հայրենակցական միութիւններ կուսակցութիւն ու նոյնիսկ անհատներ, բոլորն ալ եղած են մեր սիրելի հանգուցեալին հոգածութեան առարկան: Այս, թերեւս իր անուամբ կառոյց, ֆոնտ կամ յուշատախտակ գոյութիւն չունի: Բայց Սարգիս Աճեմեան տուած է միշտ, տուած է լիաբուռն, տուած է առանց աղմուկի ու ամէն տեղ, ամէն կառոյցի տոմարներուն մէջ ու պատասխանատուներուն մտքերուն մէջ ունեցած է ու տակաւին ունի մեծագոյն յուշատախտակը` սիրոյ Յուշատախտակը:

Իր ճակտի քրտինքով ու աշխատաւորի կորովով ապահոված կեանքի բարենպաստ պայմանները չփոխեցին զինք: Մաս կազմեց միութենական կեանքին, անձայն անդամակցեցաւ վարչութիւններու, ոչ մէկ գործ մերժեց, ընդառաջեց պատասխանատուութեան հրաւէրներուն, բայց մերժեց աթոռը, մերժեց փառքը, մերժեց դափնեպսակը:

Մեծագոյնը սակայն` մնաց հայ, ապրեցաւ հայ ու դաստիարակեց հայ:

Ինչո՞ւ այս նշումը սակայն:

Ազգային մեր իրականութիւնը ախտաւորած հայութենախոյս ու ապահայացնող ընթացքի այս օրերուն, Սարգիս Աճէմեան մնաց հայ, ու պահեց հայ ընտանիք:

Նիւթական իր պայմանները կ՛արտօնէին իր զաւակներուն ջամբել օտարի կրթութիւն: Նախընտրեց հայ դպրոցը: Ոչ պատճառաբանեց կարծեցեալ «մակարդակը», ոչ պատերազմի պատճառած «մօտիկ, բայց օտար դպրոցի» հասցէին, ոչ օտար լեզու խօսելու շինծու առասպելը, ոչ ալ ընկերութեան մէջ առանձնաշնորհեալ ըլլալու սին խաբկանքը: Պնդեց, որ իր զաւակները ստանան հայեցի կրթութիւն: Իր զաւակները կրթեց այնպէս որ անոնք ընտրեն հայ ամուսիններ ու կազմեն հայ ընտանիք ու իրենց կարգին, իրենց մեծ հօր պարգեւեն հայ դպրոց յաճախող թոռնիկներ:

Համեստ, խոնարհ այս Մարդը միշտ պիտի յիշուի:

Այս ՀԱՅԸ, տիպար օրինակ պէտք է ծառայէ բոլորիս:

Սարգիս Աճէմեանի օրինակը վարակիչ թող դառնայ գալիք սերունդներուն:

Սիրելի՛ Սարգիս, գիտեմ թէ հիմա վերէն, ծխախոտը շրթունքիդ, թեթեւ ու ամչկոտ ժպիտը դէմքիդ, պիտի ըսես` «ի՞նչ պէտք կայ այս խօսքերուն իմ պարտականութենէս աւելի ոչինչ ըրի»:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Share this Article
CATEGORIES