ՆԱՄԱԿ` ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ (ՍԱՐԳԻՍ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Բնաւ տրամադրութիւն չունէի քու մասիդ գրելու, սակայն այնպէս մը պատահեցաւ, որ հանդիպեցայ գործատեղիդ եւ հոն յանկարծ զգացում մը պատեց էութիւնս…. Բացակայութիւնդ…

Կը կանչէին քեզ աշխատանոցէդ, ժպիտը դէմքիդ կը մտնէիր գրասենեակ, պատրաստ սուրճ խմելու եւ խօսելու մեզ տագնապեցնող հարցերու մասին, որոնք քաղաքականութիւն կամ լիբանանեան հարցեր չէին, այլ մեզ տագնապեցնող, մեր միութենական ամէնօրեայ մտահոգութիւնները եւ անոնց ընդմէջէն` մեր ազգային հարցերը:

Միշտ տագնապող էիր Ազգային Առաջնորդարանի մտահոգութիւններով, մեր համայնքի վիճակով եւ ամէնէն կարեւորը` Հ.Մ.Ը.Մ.ի կացութեամբ, յատկապէս ֆութպոլով:

Քեզի համար ֆութպոլը մեծ նշանակութիւն ունէր մեր ժողովուրդը ներշնչելու իմաստով:

Կ՛ուզէիր ունենանք ֆութպոլի դպրոց, պատրաստենք ֆութպոլիստներ, որոնք նաեւ ուսանէին ակադեմական ձեւով:

Ընդհանրապէս հանդարտ եւ լայնախոհ էիր տուած որոշումներուդ մէջ, այդ ըլլար քու անձնական գործիդ մէջ կամ միութենական պարտաւորութիւններ ստանձնած ժամանակ:

Կ՛ուզէիր ստեղծել բարւոք պայմաններ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար եւ այդ հեռանկարով էր, որ նախաձեռնող եղար ընկերներուդ հետ` ներկայի «Աղբալեան – Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնի հողաշերտի գնման:

Չորս տարի առաջ ի յայտ եկաւ քու անհանգստութիւնդ, ապա տեղի ունեցած վիրահատութիւնդ, որմէ ետք ժպտուն դէմքով պայքարեցար բնական կերպով շարունակելու կեանքդ: Այդ ժամանակը շատ արագ անցաւ:

Այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ես, բայց մեր մտքին ու սրտին մէջ պիտի մնայ համեստ եղբ. Սարգիսի մեղմ ժպիտը:

Հպարտ էինք քեզմով:

Կորսնցուցինք հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը:

Հանգի՛ստ քեզի, սիրելի եղբ. Աճէմեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES