ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ-ԱԶԷԶԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին ու ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Սեւան», «Գայեանէ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն երէկ` ուրբաթ, 13 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Ջղագրգռութիւնը եւ ընկճուածութիւնը յաղթահարելու կերպերը» նիւթով:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկրեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն նշեց, որ յանձնախումբը Ծաղկաձորի շրջանին մէջ կազմակերպելով իր այս ձեռնարկը նպատակ ունի շրջանի ԼՕԽ-ական ընկերուհիները մասնակից դարձնել կազմակերպուող ձեռնարկներուն, որոնց ծիրին մէջ` օրուան դասախօսութիւնը, ճնշուածութեան մասին: Ան աւելցուց, որ դասախօսական այս ձեռնարկները պիտի շարունակուին յառաջիկայ երեք շաբաթներուն, իւրաքանչիւր ուրբաթ յետմիջօրէին, նոյն վայրին մէջ: Մկրեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւոր մեկենասներուն, յատկապէս` ԱՖՀԻԼ-ին, «Թրէյտ փլաս»-ին, փուռ Իշխանեանին եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ ընկերոջ մը:
Օրուան բանախօսն էր Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, հոգեբան Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան, որ համակարգչային պատկերիզի օգնութեամբ խօսեցաւ ճնշուածութեան (stress) մասին: Պարզելէ ետք ճնշուածութեան սահմանումը, ազդանշանները, հետեւանքներն ու զգացումները` ան անդրադարձաւ ճնշուածութիւն պատճառող ներքին թէ արտաքին գործօններուն: «Ճնշուածութիւնը համատեղ պոռթկումն է այն հակազդեցութեանց, զորս մարդիկ կ՛ունենան չափազանց ճնշումներու կամ այլ տեսակի պահանջներու դէմ, որոնք կը դրուին իրենց վրայ», նշեց Ազէզեան` թուելով ճնշուածութեան ազդանշանները, ինչպէս` մտահոգութիւն, լարուածութիւն, յոգնութիւն, վախ, հրճուանք, ընկճուածութիւն, անձկալից վիճակ եւ բարկութիւն: Ապա դասախօսը խօսեցաւ ճնշուածութիւնը նուազեցնելու միջոցներուն մասին` կեդրոնանալով «Ա-Բ-Գ»-ի ռազմավարութեան վրայ, որուն հիմնական քայլերն են.
Արթնութիւնը, այսինքն անդրադառնալ, թէ ի՞նչն է, որ ճնշուածութիւն կը պատճառէ եւ ինչպէ՞ս կը հակազդես:
Հաւասարակշռութիւնը, թէ` որքանո՞վ մէկը կրնայ հանդուրժել, նախքան ճնշուածութեան ժխտական գործօնի վերածուիլը:
Հակակշիռը, ի՞նչ կարելի է ընել պայքարելու համար ճնշուածութեան ժխտական ազդեցութիւններուն դէմ, օրինակ` ինքզինք ճնշուած զգացող ենթական պէտք է փոխէ իր մտայնութիւնը, վարմունքը, վարուելակերպը եւ ի հարկին` փոխէ իր ապրելակերպը:
Իր խօսքի աւարտին Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան մէջբերում մը կատարեց Ճեֆ Տէյվիտսընի «Մենէյճինկ Սթրես» («Դիմակալել ճնշուածութիւնը») խորագրեալ գիրքէն, եւ նախքան ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուհի Գա֊լայճ֊եանի փակման խօսքը, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

