«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՐԿՈՒ ՀԵՏԵՒԱԿ ԶՕՐԱԲԱԺԻՆՆԵՐ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆԵԹԱ

Փենթակոնի լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Եւրոպայի մէջ տեղակայուած հետեւակ զօրքերու կազմէն դուրս պիտի բերէ երկու զօրաբաժին եւ զանոնք պիտի տեղափոխէ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններ:

«Հետեւակ զօրքերը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական ռազմավարութեան տեսանկիւնէն առաջնակարգ են եւ անոնց թուաքանակը պիտի չնուազի: Բանակը պիտի հեռացնէ երկու զօրաբաժին, սակայն ստորաբաժանումներու փոխանակութեան հիման վրայ շրջանին մէջ զգալի ներկայութիւն պիտի պահպանէ», ըսած է ան:

Ան նաեւ շեշտած է, որ նախագահ Օպամայի` վերջերս յայտարարած նոր զինուորական ռազմավարութեան ծիրին մէջ շեշտադրումները աւելի շատ ծովուժի եւ օդուժի վրայ են, սակայն Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխարհի տարբեր կէտերուն մէջ ցամաքային զինուորական գործողութիւններ կատարել:

Փենթակոնի լրատուական ծառայութիւնը կը շեշտէ, որ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն հետ Եւրոպայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման շուրջ համաձայնութիւն արդէն գոյացած է եւ դաշնակիցներուն մօտ դրական արձագանգ յառաջացուցած է:

 

Share this Article
CATEGORIES