ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»-ԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ. ԼԱՐԻԺԱՆԻ – ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ՉՏՈՒԱՒ

Լարիժանի եւ Տաւութօղլու

Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի միջեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած գլխաւոր երկու հարցերն էին իրաքեան եւ սուրիական թղթածրարները:

Աղբիւրները կը նշեն, որ նշեալ երկու թղթածրարներէն որեւէ մէկուն մէջ բեկում չէ արձանագրուած, սակայն Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ «5+1»-ի (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներ+Գերմանիա) միջեւ բանակցութիւններ հիւրընկալելու Անգարայի առաջարկին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

Աղբիւրները յայտնած են, որ սուրիական եւ իրաքեան թղթածրարներուն շուրջ երկու երկիրներուն կեցուածքները կը շարունակեն իրարմէ շատ հեռու ըլլալ` նշելով, որ Անգարայի կարծիքով, այդ երկիրներուն մէջ դէպքերու ընթացքը հետագայ «ծանր հետեւանքներու» ցուցանիշ են, եւ Անգարա դարձեալ հերքած է, որ Թուրքիա Իրաքի մէջ կողմնակալ կեցուածք ունի:

«Երկու թղթածրարներուն նկատմամբ անոնց (իրանցիներուն), ինչպէս նաեւ մեր կեցուածքը ծանօթ է: Տեսակէտներ փոխանակեցինք եւ կը փորձենք, որ հարցը մեր յարաբերութեանց վրայ չազդէ: Արդարեւ, Թուրքիան հետաքրքրողը այն է, որ սուրիացիներն ու իրաքցիները չվնասուին», ըսած են աղբիւրները:

 

Share this Article
CATEGORIES